ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիու Կուծերեշ իր` Ընդհանուր ժողովի հարցերու տեղակալ Մովսէս Աբէլեանը նշանակած է բազմալեզուութեան հարցերու համակարգող: Այս մասին կը հաղորդէ ՄԱԿ-ի պաշտօնական կայքը:
Աբէլեան պիտի համակարգէ Քարտուղարութեան մէջ բազմալեզուութեան հարցերը: Աբէլեան նաեւ պատասխանատու պիտի ըլլայ լուծելու այնպիսի հարցեր, որոնց կարգին է բազմալեզուութիւնը ՄԱԿ-ի ամբողջ համակարգին մէջ:
Հայ դիւանագէտը, որ նաեւ Վրաստանի քաղաքացի է, նոր պաշտօնին վրայ նշանակուած է, համաձայն Ընդհանուր ժողովի 69/250 որոշումին:
Ան պիտի փոխարինէ Կանայի հանրապետութեան ներկայացուցիչ Քաթրին Փոլարտին: