Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց «Ցուցահանդէսներու եւ խորհրդաժողովներու միութեան» նախագահ Էլի Ռըզքը, որ ներկայացուց Արաբական զբօսաշրջական Ա. խորհրդաժողովի կազմակերպման մանրամասնութիւնները:
Ռըզք նշեց, որ Միջազգային զբօսաշրջութեան ցուցահանդէսին զուգահեռ, Արաբական զբօսաշրջական խորհրդաժողովը կը կազմակերպուի Մէյս ընկերութեան կողմէ` 19, 20 եւ 21 փետրուարին:
Ան յայտնեց, որ խորհրդաժողովին ներկայ պիտի գտնուին արաբական եւ եւրոպական երկիրներու զբօսաշրջութեան նախարարներ, ինչպէս նաեւ գործարարներ եւ զբօսաշրջութեան մարզին մէջ ներդրում կատարողներ:
Նախարար Կիտանեան բարձր գնահատեց խորհրդաժողովին եւ ցուցահանդէսին նախաձեռնութիւնը, ինչպէս նաեւ Մէյս ընկերութեան ի գործ դրած ջանքերը:
Ա. Կիտանեան Ռըզքի հետ քննարկեց նաեւ Լիբանանի մէջ զբօսաշրջութեան մարզին արձանագրած բարգաւաճումն ու ամրան ընթացքին Լիբանան այցելած զբօսաշրջիկներուն թիւի աճը: