Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու աջակցութիւնը վայելող Հարաւային փոխանցման խորհուրդի ուժերը ամբողջութեամբ գրաւեցին հարաւային Եմէնի մեծագոյն քաղաք Ատենը: Նախքան այդ, անոնք գրաւած էին արդէն Ապին նահանգի մայրաքաղաք Զանժիպար քաղաքը, Ժաար քաղաքը եւ «7 հոկտեմբեր» ռազմակայանը:
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարար Անուար Քըրքաշ «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց, որ Եմէնի մէջ Փոխանցման խորհուրդի եւ կառավարութեան միջեւ տագնապի ելքը երկխօսութիւնն ու հաղորդակցութիւնն է` նշելով, որ Ժետտայի մէջ առաջարկուած երկխօսութիւնը ատոր ուղին է:
Քըրքաշ յայտնեց, որ էմիրաթական հաղորդագրութիւնը ահաբեկչութեան դէմ է, եւ իր երկիրը վճռած է պաշտպանել դաշինքի ուժերը: Ան կոչ ուղղեց ջանքերը միաւորելու ընդդէմ հուսիներու կատարած յեղաշրջումին:
Եմէնի լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Եմէնի նախագահ Ապտռապպօ Մանսուր Հատին յայտնած է, թէ կառավարական ուժերը Ատենէն հեռացած են` «անոր քանդումը կանխարգիլելու համար»:
Ան Սէուտական Արաբիոյ կոչ ուղղած է կասեցնելու իր ուժերուն դէմ էմիրաթական յարձակումը` զայն նկատելով «լկտի»:
Հատի Ատենի անկումին վերաբերեալ հրապարակած իր հաղորդագրութեան մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները ամբաստանեց պետութեան օրինական հաստատութիւններուն դէմ յարձակում գործելու համար այժմու կացութիւնը օգտագործելու յանցանքով:
Մինչ այդ, «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորը դժգոհ է Եմէնի մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու վարմունքէն, եւ դրացի երկու երկիրներուն յարաբերութիւններուն մէջ ճեղք մը գոյութիւն ունի: