Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն այսօր երեկոյեան ժամը 8:00-ին լիբանանեան լսատեսողական լրատուամիջոցներուն ընդմէջէն պատկերասփռուած պատգամ մը պիտի ուղղէ լիբանանցիներուն` Մեծն Լիբանանի յայտարարութեան 100-ամեակին առիթով:
Ան պիտի անդրադառնայ 100-ամեակին նպատակով կազմակերպուած ձեռնարկներուն, ինչպէս նաեւ լիբանանեան ներկայ իրադարձութիւններուն:
Միւս կողմէ, նախագահ Աուն գոհունակութիւն յայտնեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն պաշտօնավարութեան երկարաձգումին համար` աւելցնելով, որ այդ որոշումը անսաց Լիբանանի պահանջներուն, այսինքն` կատարուեցաւ առանց փոփոխութիւններու, այսինքն` առանց ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն թիւը եւ եւ անոնց յատկացուած պիւտճէն կրճատելու:
Նախագահ Աուն նկատել տուաւ, որ այս որոշումը անգամ մը եւս կը հաստատէ հարաւային Լիբանանի կայունութեան նկատմամբ միջազգային ընտանիքին յանձնառութիւնը:
Ան աւելցուց, որ Լիբանան իր կարգին ամէն ջանք ի գործ կը դնէ պահպանելու սահմանային կայունութիւնը, հակառակ Իսրայէլի, որ ցամաքային, օդային եւ ծովային առումով Լիբանանի գերիշխանութեան դէմ ոտնձգութիւններ կը գործէ` արարքներ, որոնք Ապահովութեան խորհուրդին որոշումով դատապարտուեցան:
Նախագահ Աուն հաստատեց, որ բարեկամ երկիրներուն հետ Լիբանանի ի գործ դրած դիւանագիտական ճիգերը, ինչպէս նաեւ այդ երկիրներուն, յատկապէս` Լիբանանի ընդառաջումը ցոյց կու տան Լիբանանի խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը պաշտպանելու նկատմամբ այդ պետութիւններուն հետաքրքրութիւնը, ինչպէս նաեւ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան նկատմամբ Լիբանանի նախանձախնդրութիւնը, հակառակ ամէնօրեայ դրութեամբ իր դէմ գործուած իսրայէլեան ոտնձգութիւններուն:
Միւս կողմէ, երկուշաբթի, 2 սեպտեմբեր 2019-ին, Պաապտայի մէջ տնտեսական երկխօսութեան նիստին սեմին, նախագահ Աուն երէկ յետմիջօրէին Պաապտայի մէջ ընդունեց Միջազգային դրամատան մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Միջազգային դրամատան Միջին Արեւելքի եւ հիւսիսային Ափրիկէի շրջանային տնօրէն Սարուժ Քումարճահի, որուն հետ քննարկեց Միջազգային դրամատան կողմէ Լիբանանին յատկացուելիք օժանդակութիւնը, որուն նպատակն է ամրապնդել երկրին տնտեսութիւնը:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ պետական ամավարկի եւ ելեւմտական հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան:
Հանդիպումէն ետք Քումարճահ ընդգծեց, որ Միջազգային դրամատունը կը զօրակցի հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին եւ Լիբանանի կառավարութեան, յատկապէս անոր կատարած բարեկարգումներուն առումով: