Կազմակերպութեամբ Ամալ շարժումին, այսօր երեկոյեան ժամը 5:30-ին, Նապաթիէի «Աշուրա» հրապարակին վրայ տեղի պիտի ունենայ իմամ սէյիտ Մուսա Սատըրի եւ անոր ընկերակիցներուն` շէյխ Մոհամետ Եաագուպի եւ լրագրող Ապպաս Պատրէտտինի առեւանգման 41-ամեակին նուիրուած ժողովրդային ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին խօսք պիտի արտասանէ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի:
Միւս կողմէ, երէկուան իր յայտարարութիւններուն մէջ Պըրրի շեշտեց, որ երկուշաբթի օր Պաապտայի մէջ տեղի ունենալիք տնտեսական երկխօսութիւնը` երկրին քաղաքական ուժերուն ղեկավարներուն միջեւ, փրկութեան առիթ մըն է, որուն ընթացքին պէտք է յանդուգն որոշումներ տրուին, ինչպէս նաեւ տեսակարար եւ անմիջական քայլեր որդեգրուին:
«Տնտեսական կացութիւնը խոցելի է, աւելի ճիշդը` շատ վտանգաւոր, եւ պահանջուած է փրկութեան արագ նախաձեռնութիւններու դիմել», շեշտեց Պըրրի:
Խորհրդարանի նախագահը հաստատեց, որ նախագահական պալատին մէջ տրուած որոշումներուն եւ որդեգրուելիք միջոցառումներուն զուգահեռ, կառավարութիւնը բոլոր մակարդակներուն վրայ պէտք է աշխուժ աշխատանք իրականացնէ: «Եթէ Պաապտայի մէջ որոշումները համախոհութեամբ տրուին, ապա նախարարաց խորհուրդին կողմէ անոնց գործադրութիւնը հեզասահ կերպով կ՛ընթանայ` առանց խոչընդոտներու: Ժամանակն է աշխատանքի եւ ոչ թէ աւելորդաբանութիւններու, որոնք կը խանգարեն տիրող կացութիւնը», հաստատեց Պըրրի:
Խորհրդարանի նախագահը շեշտեց նաեւ, որ Պաապտայի մէջ տեղի ունենալիք տնտեսական երկխօսութեան ընթացքին կտրականապէս պիտի մերժուի ժողովուրդի համեստ եւ միջակ դասակարգերուն յաւելեալ տուրքեր պարտադրել: