Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնը «Լը Ռըուայալ» պանդոկին (Տըպպայէ) մէջ մամլոյ ասուլիս մը տալով պաշտօնապէս յայտարարեց թեքուանտոյի «Պէյրութ օփըն-2» ախոյեանութիւնը հիւրընկալելու մասին:
Այս ախոյեանութիւնը, որ տեղի պիտի ունենայ հովանաւորութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, պիտի կատարուի «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ) 6-8 սեպտեմբերին:
Մամլոյ ասուլիսին ներկայ էին Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Մոհամետ Ֆընէյշի ներկայացուցիչ Մոհամետ Աուայտաթ, զինուորական բարձրաստիճան պատասխանատուներ, Լիբանանի մէջ Հարաւային Քորէայի դեսպան Եոնկ Տայ Քուան, միջազգային ողիմպիական դասախօս Ժիհատ Սալամէ, Լիբանանի Մուայ Թայի ֆետերասիոնի նախագահ Սեմի Քըպլաուի, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամ, մարզական լրագրողներ եւ յատուկ հրաւիրեալներ:
Տանիելա Քըլլոյի բացման խօսքէն ետք ելոյթ ունենալով` Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնի նախագահ Հապիպ Զարիֆէ նախ եւ առաջ շնորհակալութիւն յայտնեց հանրապետութեան նախագահին, ֆետերասիոնին զօրավիգ կանգնած բոլոր անձերուն, հովանաւորող ընկերութիւններուն, որոնք մեծապէս նպաստեցին, որ Լիբանան յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով հիւրընկալէ այս ախոյեանութիւնը:
Ապա խօսք առաւ Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար, ախոյեանութեան գլխաւոր պատասխանատու մասթըր Մարք Հարպ, որ ամփոփ տեղեկութիւններ ներկայացուց ախոյեանութեան օրէնքներուն վերաբերեալ:
Ան ըսաւ, որ ցարդ 24 երկիրներ (աշխարհի տարածքէն) ուզած են մասնակցիլ այս ախոյեանութեան:
38 միջազգային իրաւարարներ նկատի առնուած են այս ախոյեանութեան, որուն պաշտօնական բացումը տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 7 սեպտեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին, «Նուհատ Նաուֆալ» դաշտին մէջ:
Նշուեցաւ նաեւ, որ արձանագրութեան վերջին պայմանաժամ ճշդուած է ուրբաթ, 30 օգոստոսը:
Լուսանկարները Տրամադրեց`
ՎԱԼԵՐԻ ԺԱԼԻՔԵԱՆ