Ամերիկեան բանակի միացեալ սպայակոյտի պետ զօր. Ճոզըֆ Տանֆըրտ յայտարարեց. «Ներկայիս խօսակցութիւնը Ուաշինկթընի` Աֆղանիստանէն իր ուժերը հեռացնելու մասին չէ, որովհետեւ Քապուլի կառավարութիւնը անկարող է երկրին մէջ անվտանգութիւնը երաշխաւորելու»:
«Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմին ու Թալեպան շարժումին միջեւ խաղաղութեան բանակցութիւններու ներկայ փուլին մէջ «հեռացում» եզրը չ՛օգտագործուիր», նշեց ամերիկացի հրամանատարը` աւելցնելով. «Կը կարծենք, որ աֆղանները ներկայիս ներկայ բռնարարքներու մակարդակի դիմակայման համար աջակցութեան կը կարօտին»:
«Ես ներկայիս հեռացում բառը չեմ օգտագործեր, այլ կ՛ըսեմ մտադիր ենք վստահ ըլլալ, որ Աֆղանիստան ահաբեկիչներու ապաստանարանի պիտի չվերածուի, եւ կը փորձենք ջանք թափել Աֆղանիստանի մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման համար», ըսաւ ան:
«Կը գիտակցիմ, որ այդ առաքելութիւնը կարիքը ունի խաղաղութեան բանակցութիւններու», նշեց Տանֆըրտ` նոյն ատեն խոստովանելով, որ Փենթակոնին մօտ գոյութիւն ունի այն մտավախութիւնը, որ ընթացող բանակցութիւններէն կրնայ բխիլ 14 հազարի հասնող ամերիկեան ուժերը հեռացնելու որոշում մը, նախքան որ ապահովութեան տեղական ուժերը պատրաստ ըլլան իրենց առաքելութիւնը առանց ամերիկեան օժանդակութեան յաջողութեամբ կատարելու:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երէկ աւելի ուշ յայտարարեց, թէ իր երկիրը Թալեպան շարժումին հետ համաձայնութեան կնքումէն ետք 8600 զինուոր պիտի պահէ Աֆղանիստանի մէջ: