Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց ճարտարարուեստի նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրը` ներկայութեամբ Լիթանի գետի վարչութեան պատասխանատու Սամի Ալաուիէի:
Հանդիպումին քննարկուեցան նախարարութեան վերաբերող հարցերը, ինչպէս նաեւ նախարարութեան եւ Լիթանիի վարչութեան միջեւ գործակցութիւնը` գետին ապականումը վերացնելու նպատակով:
Հանդիպումէն ետք Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն, որ Լիթանիի ապականումի համեմատութիւնը նուազեցնելու ջանքերը իրագործուին եւ այդ ապականումը մինչեւ ամրան աւարտը հասնի զերօ առ հարիւրի:
Պըրրի ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքինը:
Պըրրիի այցելեց նաեւ Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս` Իսրայէլի կողմէ լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ գործուած ոտնձգութիւններն ու բռնարարքները` լուսարձակի տակ առնելով Իսրայէլի կողմէ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան խախտումները: