Կազմակերպութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին, Ռիատիի «Սաէպ Սալամ» դաշտին վրայ (Մանարա) տեղի ունեցաւ Լիբանանի փինկ փոնկի ամառնային մրցաշարքը:
Աղջկանց 21 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ ՀՄԸՄ Պէյրութի մաս կազմող Սեւան Չեքմէեան թէեւ հասաւ աւարտականին, սակայն 3-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով Քլարա Շլելայէն (Պէյրութ 1875-Սեն Ժոզեֆ համալսարան), հանդիսացաւ փոխախոյեան:
Ուրիշ ոեւէ հայ մրցանակային դիրք չգրաւեց: