Վառելանիւթի մարզի սեփականատէրերը երէկ պաշտօնապէս յայտարարեցին, թէ առկախած են իրենց գործադուլը:
Վառելանիւթի կայաններու սեփականատէրերու սենտիքայի նախագահ Սամի Պրաքս մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին շեշտեց, որ իրենք որոշած էին այսօր` հինգշաբթի, 29 օգոստոս 2019-ին գործադրել գործադուլ մը` բողոքելու համար լիբանանեան թղթոսկին ամերիկեան տոլարի վերածելու առումով արձանագրուած գումարի փոփոխութեան դէմ:
Ան նշեց, որ իրենց որոշումը փոփոխութեան ենթարկուած է, որովհետեւ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Նատա Պուսթանի զիրենք հրաւիրած է իր մօտ եւ խոստացած այս հարցը քննարկել կառավարութեան այսօրուան նիստին ընթացքին:
Պրաքս ընդգծեց, որ սենտիքան առկախելով իր գործադուլը ընդառաջեց նախարարի խնդրանքին` առիթ տալու համար, որ կառավարութիւնը իրենց դիմագրաւած հարցին բարւոք լուծում մը գտնէ:
Միւս կողմէ, Պուսթանի երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին հաստատեց, որ Զղարթայի եւ Նապաթիէի մէջ կոյաջուրերու զտարաններուն նորոգութեան եւ բանեցման մասին կառավարութեան շնորհած վաւերացումին լոյսին տակ աշխատանքները արդէն իսկ սկսած են: