Կազմակերպութեամբ Պեքաայի Արաբական համալսարանի շրջանաւարտներու ակումբին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին, կիրակի, 25 օգոստոսին, Թաանայելի շրջանին մէջ տեղի ունեցաւ ճատրակի միօրեայ տարիքային մրցաշարք մը` մասնակցութեամբ 254 երկսեռ ճատրակ խաղացողներու:
Այս մրցաշարքին մասնակցեցան նաեւ շուրջ տասը հայ ճատրակ խաղացողներ, որոնք արձանագրեցին բաւական լաւ արդիւնքներ:
Մեծերու մրցաշարքին, աղջկանց 16 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ առաջին հանդիսացաւ Նանոր Արնէլեան:
18 տարեկանէն վար տղոց դասակարգին մէջ իր կարգին առաջին հանդիսացաւ Ճիօ Գալուստ:
8 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ փոքրիկն Ալիք Գրիգորեան հանդիսացաւ երրորդ:
Իրենց կարգին երրորդ հանդիսացան Նարեկ Բակլայեան եւ Նիքոլա Մուրատեան:
Բաւական տպաւորիչ ելոյթներ ունեցան նաեւ Նայիրի Արնէլեան, Էտուարտ Իսքենտերեան, Արա Ատոմ Մանճիկեան եւ Կի Գալուստ:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ կազմակերպիչներուն եւ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնի անդամներուն:
Օրուան իրաւարարներուն կարգին էր Էլի Հուլիշեան:
Կազմակերպիչներուն կողմէ տրամադրուած էին նաեւ նիւթական պարգեւներ: