Հայրիկ Երուսաղէմի Վանքի
Նոր Յարկաբաժինին Մէջ
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
– Պապիկ Եւ Թոռնիկ
Երուսաղէմի հայոց Սրբոց Յակոբեանց մայրավանքին մէջ աքսորական Խրիմեան Հայրիկ նուիրուեցաւ գրական եւ ստեղծագործական աշխատանքի:
Հայրիկի սիրելի, մտերիմ, սրտակից ու աջակից Ղեւոնդ վարդապետ Փիրղալէմեան, որ հետը Պոլիսէն Երուսաղէմ փոխադրուած էր, վախճանեցաւ 1891 մայիսին: Ան Վարագայ վանքի միաբան էր եւ ժառանգաւորաց վարժարանի առաջին ուսուցիչներէն: Բանասէր եւ բանահաւաք, Ղեւոնդ վարդապետ, Երեմիա եպիսկոպոս Տէր Սարգիսեանի եւ Գրիգորիս վարդապետ Աղուանեանի հետ գործակցաբար վանքերու, եկղեցիներու եւ տուներու աւերակներու մէջ գտնուած խաչքարերու, հին ձեռագիր մատեաններու յիշատակագրութիւնները ընդօրինակած եւ ժողովուրդին մէջ խօսուած հեքիաթներ, անէծքներ, առասպելներ եւ գաւառական շատ մը բառեր հաւաքած էր: Ան հեղինակն է «Նօտարք հայոց» աշխատութեան:
Ղեւոնդ վարդապետի վախճանումը խորապէս ցնցեց Հայրիկը: Հայրիկ ինք կատարեց թաղման կարգը եւ սրտառուչ դամբանականով մը վեր առաւ բազմաշխատ վարդապետին երախտարժան գործունէութիւնը:
Աւելի ուշ, 1892-ի վերջաւորութեան Երուսաղէմի մէջ վախճանեցաւ Վարագայ վանքի միաբան եւ Հայրիկի աշակերտ Մեսրոպ վարդապետ Մոկացեան:
* * *
Եղիշէ վարդապետ (հետագային` եպիսկոպոս) Չիլինկիրեան Հայրիկի Երուսաղէմի աքսորական կեանքին մասին կը յուշագրէ:
«Հասայ Երուսաղէմ. գտայ զՀայրիկ լուսարարապետի յարկաբաժնի ներքեւ գտնուած Աբեղաթաղի խոնաւ ու նեղ խուցի մը մէջ կծկուած: Վշտահար էր, տխուր եւ կէս հիւանդ վիճակ մ՛ունէր, անկողնոյ մէջ նստած կը ծխէր ու կը կարդար: Յետ տեսութեան Հայրիկն ըսաւ.- Եղիշէ վարդապետ, Սուրբ Աթոռը քեզի պիտի ղրկէ Պէյրութ իբր տեղւոյն հայոց հոգեւոր հովիւ եւ Սուրբ Նշանի վանուց տեսուչ, բայց ես կը փափաքէի որ չերթայիք, վանզի ես ձեր աջակցութեան շատ պէտք ունիմ: Սակայն մայրավանքիս տնօրէն ժողովը զիս մէկ շաբաթ յետոյ ղրկեց Պէյրութ: Երբ Հայրիկին գացի մնաս բարեաւի աջահամբոյրս մատուցելու, հիւանդ պառկած էր: Երբ ինձ տեսաւ լացաւ եւ ձեռքը բարձին տակը տանելով դրամի քսակն առաւ եւ հինգ օսմանեան ոսկի տալով ըսաւ.- Ա՛ռ սա հինգ օսմանեան լիրան եւ Պէյրութէն Յարութիւն էֆէնտի Ճանկիւլեանի հասցուր յԱքքեա, եւ գրէ անոր, որ հայ բանտարկելոց մէջ բաժնէ»:
Վարդապետը կը շարունակէ ըսելով. «Տարի մը յետոյ, 1892-ին, երբ ես Պէյրութէն իբր վանքի աւագ թարգման Սուրբ Աթոռը կանչուեցայ, տեսայ, որ Հայրիկը տնօրէն ժողովի եւ Յարութիւն պատրիարքի որոշմամբ փոխադրուած էր Մեծ Չարդախ կամ Քէօշկ յարկաբաժինը, ուր մեծ աքսորականը սկսաւ խաղաղ ու հանգիստ կեանք մը վարել եւ այնտեղ ալ գրեց Պապիկ եւ Թոռնիկը:… Հայրիկը բնաւ վանքի ներքին գործերուն չէր խառնուեր. Յարութիւն պատրիարքի եւ միաբաններու հետ շատ սիրալիր էր: Յաճախ անոնց հետ զբօսանքի կ՛երթար եւ ամէնքի հետ կատակներ կ՛ընէր: Ամէն օր Սուրբ Յակոբի տաճարը կ՛իջնէր. կը կանգնէր մենակ եւ լուռ ու երկիւղած կ՛աղօթէր: Մեծ Քէօշկին մէջ, այս անգամ իւր ձեռքին տակ ունէր չորս սենեակ: Շատ կը ծխէր, ծխախոտին տուփն ու 10-15 ծխամորճները միշտ կողքին դրուած էին: Թէեւ վանքի սեղանատունէն իրեն կերակուր կը ղրկուէր, բայց նա միշտ թանապուր եփել կու տար եւ հաճոյքով կ՛ուտէր, յիշելով Վան-Վարագն ու Տարօնը: Նա իւր սենեակին մէջ միշտ ալ ծալապատիկ կը նստէր սադիրի վրայ, կը կարդար ու կը ծխէր, իսկ գրելու ժամանակ կը նստէր գրասեղանի առջեւ»:
* * *
Հայրիկ 1892-ին վանքի մամուլին յանձնեց իր «Հրաւիրակ երկրին աւետեաց»-ի Բ. տպագրութիւնը, պատկերազարդ, 158 էջ, «Ի լոյս ընծայեալ բարերար ձեռնտուութեամբ գերազնիւ եղբարց Կիւլպէնկեան, ի յիշատակ հանգուցեալ սիրեցելոյ հօրն Սերովբէի Կիւլպէնկեան, կանգնեն զհրաւիրակս իբրեւ անմահ մահարձան, որդիք հարազատ հայրասէր եւ երախտագէտ` Պատրիկ, Յովհաննէս, Կիւլապի եւ Յարութիւն»:
Հայրիկ 2 մայիս 1892 թուակիր նամակ մը գրեց Պոլիս` ուսուցիչ Միքայէլ Կազմարարեանի, ուր կ՛ըսէր.
«Ուսանողութեանդ մէջ տեսնելով հանգուցեալ անզուգական եւ ազգասէր մեր բարեկամին` սիրելի Գրիգոր Օտեանի գրական գործերու համար ձեր սէրն եւ գուրգուրանքը, որ կարդալէն աւելի կը կըլանէիք, բարոյական պարտք կը դնեմ ձեր վրայ, որ անոր ցիր ու ցան գրական գործերը ի մի հաւաքելով` ոսկեղէն անմահ կոթող մը բարձրացնէք փոխան այն շիրիմին, որ չորս ու կէս միլիոն հայեր չխորհեցան կանգնել ցարդ: Գիտեմ դուք նժդեհ եւ անծանօթ էք Պոլսոյ հայերու եւ բարեյիշատակ անզուգականի բարեկամներուն, բայց գօտեպինդ եղէք, եթէ ձեզ չեն ճանչնար, Օտեանի անունը ամէնքն ալ կը յիշեն: Գերապատիւ Սրուանձտեան սրբազանին ալ կը գրեմ, որ քեզ առաջնորդէ անոնց, որոնք Օտեանի հետ մօտ յարաբերութիւններ ունեցած են»:
Նամակը ստանալէն ետք Կազմարարեան գործի լծուեցաւ եւ հաւաքեց Գրիգոր Օտեանի անտիպ գրութիւններն ու ճառերը, որոնցմէ մաս մը, 193 էջ, առանձին հատորով լոյս տեսաւ 1910-ին, Պոլսոյ մէջ:
* * *
Մայրավանքի իր կացարանին մէջ Հայրիկ երկնեց իր գրական ստեղծագործութեան գլուխ գործոցը` «Պապիկ եւ Թոռնիկ»:
«Առ շինական ժողովուրդս հայոց» ուղերձին մէջ Հայրիկ կ՛ըսէ. «Պապիկ եւ Թոռնիկ քեզ համար գրեցի եւ քո անուան նուիրում եմ, իմ սիրելի դաշտաբնակ մշակ ժողովուրդ, հայոց Հայրիկ, որ այժմ ծերացած, մի պապիկ դարձած է, նա սիրեց եւ փոքրութիւն չհամարեց, որ ինքն պահ մի իբրեւ շինական պապիկ ձեւանայ, որպէս թէ Վասպուրականի Առճակ գիւղի մէջ ծնած է, Վարագայ վանքում մաճկալ եղած է, շատ անգամ եւ Պոլիս գնացել եկեր է եւ առանց դպրոցի նա միայն մտիկ անելով ու գրքեր կարդալով քիչ մի բան սովորած է եւ իւր սորված կ՛աւանդէ իւր սիրական թոռնիկին:
«… Ահա քեզ համար հոգացի եւ պատրաստեցի Պապիկ եւ Թոռնիկ, իմ սիրելի գիւղացի ժողովուրդ, որ դու քո հայրենատուր հողն ու դաշտ սիրես եւ երբեք չի բաժանուիս, գիտնալով թէ քո կեանք հողն է ու հողագործութեան արդար ու հալալ վաստակ:
«… Վերջին բան առ ձեզ ուղղելով, ո՛վ Վասպուրական երկիր. իմ անձկալի հայրենիք, Պապիկ եւ Թոռնիկ յատկապէս ձեզ համար գրեցի, Երուսաղէմի Սիօնի լերան վրայ, խաչի հովանեաց տակ. դու կարդալով կը տեսնաս, որ Պապիկ Թոռնիկի նիւթեր` Վասպուրական երկրի շինական ժողովուրդի դաշտի ծաղիկներէն քաղած եմ, զոր փնջիկ կապելով եւ ահա ձերն ձեզ կը նուիրեմ:… Կը թուիմ թէ շատ մօտ եմ ձեզ միայն հինգօրեայ ճանապարհ մի անջրպետ կայ: Վարագայ Խաչի սար ծածկուած է աչքէս. Վասպուրական Արծիւն էի երբեմն, բայց այժմ թեւաթափ ծերացած եմ: Ո՞ տայր ինձ որ նորափետուր արծուի լինէի, թռչէի վերանայի գէթ վերջի անգամ տեսնայի բարձր քարին վրայ դրուած իմ աւերակ բունիկս:
«Այլեւս զուր է այս ցանկութիւն. կը մնայ ինձ հոգւով մօտ լինել ձեզ եւ հոգւով աղօթել վասն ձեր:
«Իսկ ձեզ կը մնայ կարդալ Պապիկ Թոռնիկ եւ յիշել զՀայրիկ:
«Թէ մեռնիմ երթամ ի գերեզման եւ այլեւս չկարեմ խօսել ձեզ հետ կենդանի բարբառով ու գրով, ահա կը թողում ձեզ գիրս իբրեւ մշտախօս կտակ եւ յիշատակ, որոյ միակ նպատակն է, որ հայն իւր հայրենատուր հողէն չը բաժանուի»:
«Պապիկ եւ Թոռնիկ» հայ հողին ու գիւղին կեանքն ու պատմութիւնն է: Իր ինքնատիպ ոճով ու լեզուով Հայրիկ անզուգական բանահաւաք եւ բանասաց է: Ան մատնացոյց կ՛ընէ այն աղբիւրները, որոնցմէ քաղած է իր ատաղձը. «Ես յիսուն տարի է որ լսելով, տեսնելով ու փորձառութեամբ կը սորվիմ». «աշխարհի մարդիկներ ինձ համար դպրոց են, եւ ես դեռ կը սորվիմ այս ծերութեան ժամանակ». «ինչպէս լսած եմ մեր գիւղի հին ծերունեաց պատմութենէն». «դեռ մանուկ էի, աստի իբր 50 տարի յառաջ կը պատմէր հայրս». «պատմեմ իբրեւ վկայ եւ ապացոյց ասացածիս ինչ որ մի դիտող եւ բարեսիրտ տիկին պատմեց». «մարդիկ կը պատմեն ու կը վկայեն». «զոր կը պատմեն մեր մամերը»:
Գիրքը կը բովանդակէ քսանչորս գլուխներ: Հայրիկ կը խօսի գիւղին, հողագործութեան, վար ու ցանքին, ոռոգման, հունձքի ու կալի աշխատանքներուն, շտեմարանի, ոչխարաբուծութեան, ծառամշակութեան, գիւղական տան ու հայ նահապետական կենցաղին, աւանդութիւններուն, եկեղեցիին ու քահանային եւ ննջեցեալներու յիշատակին մասին:
Հայրիկ իրաւացիօրէն կը գտնէ, որ «մեր գիւղական ժողովրդի հողագործութեան վիճակը նոյն հնութեան խանձարուրին մէջ է… մեր բանեցուցած գործիքներ անտաշ, անարուեստ եւ կոպիտ շինուածքներ են, որ ոչ թէ միայն զմեզ կը տանջեն, այլ առաւել մեր խեղճ անխօսուն անասուններ»: Իբրեւ լծկան կը գործածեն եզ, գոմէշ կամ ձի: Արտը կը վարեն գութանով կամ արօրով:
Ուշագրաւ են Հայրիկի այն դասերը, որոնք կը վերաբերին սերմի ընտրութեան եւ սերմնացանին: Անցեալին գիւղացին սերմը քահանային մօտ կը տանէր, օրհնել կու տար եւ ապա կը ցանէր: Կը ցանեն գարնանացան եւ աշնանացան:
Հայրիկ կը գտնէ, որ արհեստական ոռոգումը անհրաժեշտ է երկրագործութեան համար: Քաղհանը կարեւոր է առատ բերք ստանալու համար: Հողին ուժ տալու երկու միջոց կայ. մէկը` քանի մը տարի հողը չմշակելն է, որպէսզի արտը հանգչի, միւսը` արտին աղբ տալն է, կամ սերմը փոխելը, այսինքն ցորենին տեղ խոտ կամ ընդեղէն ցանել:
Գիւղացին երբ դաշտ երթալով կը տեսնէ որ ցորենի արտերը շիկակարմիր գոյներով կը ծածանին մեղմաշունչ հովերէն, հնձելու եղանակը հասած է: Կը հնձեն մանգաղով կամ գերանդիով: Ապա կը սկսի կալ ու կուտի աշխատանքը:
Երկրագործական աշխատանքներու աւարտին, Վարագայ Խաչի տօնին, «բոլոր Վասպուրական աշխարհ… հարիսայ կը դնէ… ցնծութեան օր է. մեք այս աւուր կալի կորկոտ կ՛ասենք, վասն զի կալեր կը վերջանան», կ՛ըսէ Հայրիկ եւ կ՛աւելցնէ. «Էր մի ժամանակ որ գեղի մեծ մեծ համբաներ մէկ մէկ եզ կը մորթէին հարիսայի համար, իրենց մեռելները յիշելով հոգւոյ հաց կը պատրաստէին, բոլոր գեղի ժողովուրդ, աղքատներ կ՛ուտէին կուշտ կուշտ եւ կ՛օրհնէին տանուտէր»:
Հայրիկ կ՛ըսէ որ Գրիգոր Լուսաւորիչ Խոր Վիրապէն ելլելէն ետք, քարոզչութեան ընթացքին ուզեց աղքատներուն համար ճաշ պատրաստել. շատ եզ ու ոչխար մորթեցին, մեծ մեծ կաթսաներ կրակի վրայ դրին. միսեր մէջը լեցուցին, կորկոտն ալ վրան. հրամայեց երիտասարդներուն եւ ըսաւ. հարէք ըսա, որով այս կերակուրի անուն մնաց հարիսա:
Հայրիկ կարօտով կը յիշէ. «Երջանի՜կ միաբանութիւն Վարագայ, որ կը բնակիք Աւագ Սուրբ Նշանի թեւին տակ, արդեօք կը յիշէ՞ք պանդուխտ Հայրիկ. ա՜խ, ես զձեզ կը յիշեմ, կը յիշեմ Վարագայ Խաչին տօն որ մօտ է. կը յիշեմ վանքին այն պատուական հարիսան, եւ դուք առանց Հայրիկին կ՛ուտէք հայրենաւանդ կերակուր: Կերէ՛ք թող անուշ լինի, եւ կշտապինդ կերէք եւ խմեցէք Վարագայ սարի ծոցէն բղխած պաղուկ պաղուկ աղբիւրներուն ջուրը: Իսկ Հայրիկ իւր պանդխտութեան մէջ ա՜խ կը քաշէ հարիսային դէմ: Ի՞նչ կը լինի, որ յիշէք Հայրիկը եւ մի ճլօր հարիսայ Ամբակումայ հրեշտակին յանձնէք, որ բերի ի Բաբիլոն, ուտեմ եւ օրհնեմ զձեզ: Ողջ եղիք»:
Հայրիկ կը գտնէ, որ գիւղական տնտեսութեան մէջ շտեմարան պատրաստութիւն շատ պարզ ու նախնական է: Գիւղացիք իրենց բերքը «կը հորեն ի գետին», կողմերը խոտ կամ յարդ լեցնելով, կամ` «հողի մեծ մեծ փեթակներ կը շինեն» ցորենը պահելու համար, սակայն ամէնէն յարմարը շտեմարան պատրաստելն է:
Ուշագրաւ են անասնապահութեան, անասուններու խնամքի, ստացուած եկամուտներու, շուներու միջոցով հօտերը հսկելու, ծառերու մշակման, փայտի տարբեր տեսակները արհեստագործութեան մէջ օգտագործելու, շերամապահութեան եւ մետաքսի ստացման վերաբերեալ ակնարկները:
Հայրիկ կը պատգամէ անթառամ պահել հայրենի երկրի սէրը, կառչած մնալ անոր հողին ու ջուրին եւ երբեք չլքել զայն: Պապիկ իր թոռնիկի հարսանիքէն ետք զայն կը պսակէ դաշտին հետ, հողին հետ, որովհետեւ եթէ կինը` Շուշան մեռնի, թոռնիկ կրնայ նոր կին առել, «իսկ եթէ հողն մեռնի, էն ժամանակ բոլոր Պապկի տան ընտանիքը ի միասին կը մեռնին»:
Թորգոմ եպիսկոպոս Գուշակեան կը գրէ. «Այս գիրքը, Պապիկ եւ Թոռնիկ, շատ բան պիտի խօսի դեռ հայութեան, ու վաղը, երբ անցնի ընդհանուր մորմոքի եւ անձկութեան ներկայ շրջանը, երբ աւերաքանդ հայրենիքի վերաշինութեան հարկն ու պարտականութեան գիտակցութիւնը խօսքի եւ կիրքի պայքարներուն մէջ անիմաստօրէն ցրուած մեր ոյժերը ժողովէ հայրենի հողին ու աշխատութեան սեղանին առջեւ, այս գիրքը պիտի լուսաւորէ մեր ճամբան դէպի գիւղակեանքի գեղեցկութիւնները, դէպի շինական կենցաղի երջանկութիւնը»:
«Պապիկ եւ Թոռնիկ» լոյս տեսաւ 1894-ին, մայր աթոռ սուրբ Էջմիածնի տպարանէն: