Աֆղանական Թալեպան շարժումը յայտարարեց, որ կը գտնուի Աֆղանիստանէն ամերիկեան ուժերու հեռացման շուրջ Միացեալ Նահանգներու հետ համաձայնութիւն կնքելու եզրին:
«Ուաշինկթըն համաձայն գտնուեցաւ իր ուժերը Աֆղանիստանէն հեռացնելու եւ աֆղանական խնդիրը խաղաղ ճամբով լուծելու», նշեց շարժումը:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ամերիկացի պաշտօնատարներու հետ խաղաղութեան բանակցութիւններու աւարտին շարժումը աֆղանական կառավարութեան հետ ալ բանակցութեան սեղան պիտի նստի՞, Թալեպան շարժումը ըսաւ. «Անշուշտ բոլոր աֆղանական կողմերուն հետ պիտի խօսինք, եւ ատիկա կը ներառէ նաեւ աֆղանական վարչակազմը, սակայն իբրեւ կողմ եւ ոչ թէ իբրեւ կառավարութիւն»:
«Անշուշտ, Աֆղանիստանի մէջ կ՛ուզենք իսլամական կառավարութիւն մը, որուն մաս կը կազմեն բոլոր աֆղանները, բոլոր ցեղերէն, կեանքի բոլոր ոլորտներէն, բոլոր խմբաւորումներէն, ուստի պիտի ըլլայ շատ ուժեղ իսլամական կառավարութիւն մը», նշեց Թալեպան շարժումը: