Հոնկ Քոնկի մէջ տարբեր աստիճանի ծանրութեան վէրքերով հիւանդանոցի մէջ դարմանումի ենթարկուած են 15 ոստիկաններ` 25 օգոստոսին ցուցարարներու հետ բախումներու պատճառով: Երէկ այդ մասին յայտնեց թերակղզիի իրաւապահ մարմիններուն ներկայացուցիչը: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը:
Անոր համաձայն, ընդհանուր առմամբ 25 օգոստոսին բերման ենթարկուած են անկարգութիւններու 12-էն մինչեւ 48 տարեկան 29 մասնակիցներ` անօրինական ժողովներ կատարելու, զէնք ունենալու եւ ոստիկաններու դէմ յարձակելու յանցանքով: Ոստիկանութիւնը Ցուեն Վանի շրջանին մէջ կիրարկած է արցունքաբեր կազ եւ ջրաշիթներով երկու նոր յատուկ մեքենայ` ցուցարարներու խումբը ցրուելու համար:
Հանրահաւաքի մասնակիցներուն մէկ մասը դուրս եկած է հանրահաւաքի ճշդուած ուղիի սահմաններէն եւ սկսած է հրահրել անկարգութիւններ. փակել փողոցները, կանգնեցնել պատուարներ, զինուիլ աղիւսներով եւ փայտերով:
Անոնք ոստիկաններուն վրայ նետած են տարբեր առարկաներ, ներառեալ` հրկիզող խառնուրդով շիշեր: