Թրքական լրատուամիջոցներ կը հաղորդեն, որ թրքական բանակէն հինգ զօրավարներ հանգստեան կոչուելու եւ իրենց պաշտօններէն հեռանալու դիմում ներկայացուցած են:
Նշեալ հինգ զօրավարներուն շարքին են հիւսիսային Սուրիոյ Իտլիպի շրջանին մէջ թրքական բանակի հսկողութեան կէտերու պատասխանատուներ:
Զօրավարները այս քայլին դիմած են բողոքելով Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի նախագահութեամբ զինուորական խորհուրդի վերջերս որդեգրած որոշումներուն դէմ: