ԱՖՓ երէկ յղում կատարելով «Ֆլայթ Ռատար 24» կայքին հաղորդեց, որ իրանեան պետական օդանաւ մը էջք կատարած է Պէարից քաղաքին մէջ, ուր կը գումարուի Եօթներու խմբակի ժողովը:
Աւելի ուշ, Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը երէկ յայտարարեց. «Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ հասաւ ֆրանսական Պէարից քաղաք, ուր կը գումարուի Եօթներու խմբակի ժողովը»:
«Զարիֆ Պէարից կ՛այցելէ ընդառաջելով իր ֆրանսացի պաշտօնակիցին հրաւէրին` քննարկելու համար հիւլէական համաձայնութիւնը», նշեց ան:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը նաեւ շեշտեց. «Զարիֆ հանդիպում պիտի չունենայ ֆրանսական Պէարից քաղաքին մէջ Եօթներու խմբակի վեհաժողովին մասնակից ամերիկեան պատուիրակութեան հետ»:
Էլիզէի պալատէն աղբիւր մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարարը Պէարիցի մէջ բանակցութիւններ կը վարէ իր ֆրանսացի պաշտօնակից Ժան Իվ լը Տրիանի հետ:
Աղբիւրը նաեւ շեշտեց. «Ներկայ փուլին Պէարիցի մէջ Զարիֆի եւ ամերիկացի պաշտօնատարներու միջեւ ժողովի գումարման ծրագիրներ գոյութիւն չունին»: