Միացեալ Նահանգներու վարչակազմի անդամները քննադատած են Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը` Եօթներու խմբակի վեհաժողովի նախօրեակին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վրայ ճնշումներ գործադրելու փորձի համար: Այս մասին կը հաղորդէ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթը:
Ամերիկեան օրաթերթին տուեալներով` Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւններու ներկայացուցիչները անձնական զրոյցներու ընթացքին քննադատած են Մաքրոնը` Թրամփը կլիմայական փոփոխութիւններն ու Ափրիկէի զարգացման նման «արդիական խնդիրներու մէջ ներքաշելու փորձի համար»:
Կը նշուի, որ ամերիկեան վարչակազմի անդամները դժգոհ են Մաքրոնի` վեհաժողովի ժամանակ դէմ առ դէմ ձեւաչափով աշխատանքային նախաճաշ կատարելէն, որ նախօրօք ծրագրուած չէ եղած:
«Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթին աղբիւրը կը յայտնէ, թէ հանդիպումի ընթացքին Մաքրոն պնդած է բնապահպանական հարցեր քննարկել եւ ապահովել Թրամփի աջակցութիւնը այնպիսի նիւթերու շուրջ, որոնք նախ եւ առաջ կը համընկնին Ֆրանսայի ղեկավարի քաղաքական շահերուն:
Եօթներու խմբակի վեհաժողովը ընթացք առած էր 24 օգոստոսի երեկոյեան` Ֆրանսայի Պէարից քաղաքին մէջ:
Թրամփ նախապէս դժգոհութիւն յայտնած էր վեհաժողովին ներկայանալու անհրաժեշտութեան առնչութեամբ:
Ան շրջապատի պաշտպանութեան հարցերուն յատկացուող մեծ ուշադրութեան պատճառով վեհաժողովը ժամանակի ապարդիւն կորուստ կոչած էր: