Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն` ընկերակցութեամբ Լիբանանի Առաջին տիկին Նատիա Շամիի, շաբաթ կէսօրին Պէյթէտտինի մէջ ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթը` անոր կնոջ` Նուրա Ժոմպլաթի եւ զաւկին` Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթի ընկերակցութեամբ:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ իր կնոջ` Շանթալ Աունի, ինչպէս նաեւ նախագահ Աունի գլխաւոր խորհրդատու Միրէյ Աունը իր ամուսնոյն` Ռոյ Հաշեմի ընկերակցութեամբ:
Հանդիպումէն ետք նախագահ Աուն ճաշկերոյթ մը սարքեց ի պատիւ Ժոմպլաթի:
Երկու ժամ ետք Ժոմպլաթ Պէյթէտտինի պալատէն յայտնեց, որ նախագահ Աունի հետ քննարկած են շարք մը հարցեր` քաղաքական, ընկերային, տնտեսական եւ կենսոլորտային:
Ան նշեց, որ նախագահ Աուն առաջնահերթ կը նկատէ Լիբանանի տնտեսական եւ ելեւմտական կացութեան բարելաւումը:
Ժոմպլաթ յայտնեց, որ օր մը առաջ դարձեալ Լիբանանի տնտեսական կացութեան մասին վատ վարկանիշ մը արձանագրուած էր` աւելցնելով, որ նախագահ Աուն այս իմաստով Լիբանանի քաղաքական ուժերուն ղեկավարները պիտի հրաւիրէ խորհրդակցական հանդիպումի մը, որպէսզի բոլորը ստանձնեն իրենց պատասխանատուութիւնները` դիմագրաւելու համար մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ պատրաստուելու համար 2020-ի պետական ամավարկին, որ պէտք է ըլլայ իսկական եւ ճշմարիտ սկիզբ մը` սրբագրելու համար երկրին տնտեսական եւ ելեւմտական իրավիճակը:
Նշենք, որ տնտեսական իրավիճակին վերաբերեալ լիբանանեան քաղաքական ուժերուն պետերուն հետ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ նախագահական պալատին մէջ, երկուշաբթի, 2 սեպտեմբեր 2019-ին:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ այս հանդիպումը իր եւ նախարար Պասիլի միջեւ առերեսուելու առաջին առի՞թն էր, Ժոմպլաթ ըսաւ. «Առերեսուելու առիթ չէր, այլ` մտերմիկ հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները»:
Ժոմպլաթ յայտնեց, որ ինք նախագահ Աունը հրաւիրած է այցելելու Մուխթարա, ե՛րբ որ ուզէ եւ ի՛նչ ձեւի մէջ որ փափաքի այդ այցելութիւնը տեղադրել` քաղաքական թէ ընտանեկան. ան նշեց նաեւ, որ Պասիլ եւ բոլորը բարի եկած են այցելելու Մուխթարա:
Հըզպալլայի հետ հանդիպումի հաւանականութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ժոմպլաթ նշեց, որ ինք տեղեակ չէ նման հանդիպում մը ունենալու մասին:
Նախագահ Աուն Ընդունեց Լեռնալիբանանի Ժողովրդային Պատուիրակութիւններ
Միւս կողմէ, նախագահ Աուն ընդունեց Լեռնալիբանանի ժողովրդային պատուիրակութիւններ, որոնք ողջունեցին հանրապետութեան նախագահին Պէյթէտտին փոխադրութիւնը:
Այս պատուիրակութիւններուն ներկայութեան նախագահ Աուն շեշտեց հաշտութիւններուն` յատկապէս Լեռնալիբանանի հաշտութեան անխախտ ըլլալու իրականութիւնը: Ան աւելցուց, որ քաղաքական տարակարծութիւնները որեւէ ժողովրդավար երկրի մէջ կ՛արձանագրուին: «Կարելի չէ այդ տարակարծութիւնները արգիլել, այլապէս` ժողովրդավարութիւն չի մնար», ըսաւ ան:
Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ հայրենիքին շուրջ կռիւներ եւ տարակարծութիւններ պէտք չէ ունենալ:
Ան յայտնեց, որ քանի մը ամիս ետք Լիբանանի մէջ պիտի սկսին նաւթի եւ բնական կազի պեղումները` մաղթելով, որ այդ մասին դրական արդիւնքներ արձանագրուին:
Նախագահ Աուն յոյս յայտնեց, որ ելեկտրականութեան հոսանքին մատակարարումը սրբագրելու ծրագիրին սկիզբը կը յուշէ, թէ մինչեւ 2020-ի առաջին կէսը կարելի պիտի ըլլայ ելեկտրականութիւնը մեծաւ մասամբ ապահովել: