27 օգոստոսէն 8 սեպտեմբեր տեղի պիտի ունենայ թենիս «Եու.էս.օփըն»-ի կրան շլեմի բաց մրցաշարքը:
Տեղի ունեցած վիճակաձգութեան արդիւնքներուն լոյսին տակ, Ա. հանգրուանին ծիրին մէջ, պիտի կատարուի աղջկանց բաւական զօրաւոր ճակատում մը, որուն ընթացքին իրարու դէմ պիտի մրցին, ամերիկացի Սերենա Ուիլիըմ եւ ամերիկաբնակ ռուս Մարիա Շարափովա:
Տեղի ունեցած վիճակաձգութեան ընթացքին Սերենա ստացաւ 8-րդ դիրքը, մինչ Շարափովա միջազգային դասաւորման մէջ կը գտնուի` 87-րդ դիրքին վրայ:
Տղոց պարագային յիշատակելի որեւէ զօրաւոր ճակատումներ չկան Ա. հանգրուանին:
Նշենք, որ տղոց գործող ախոյեանն է սերպ Նովաք Ճոքովիչ, աղջկանցը` ճափոնցի Նաոմի Օսաքա: