ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Անձնական հարց մը ձեզի նեղութիւն եւ տագնապ պիտի պատճառէ: Պիտի մտահոգուիք ձեր ընտանիքի անդամներէն մէկուն բժշկական հարցով: Հանդարտ եւ խաղաղ մնացէք:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Ընտանեկան ձեր պարտականութիւններուն մէջ մի՛ թերանաք: Կեդրոնացէք ձեր առաջնահերթութիւններուն վրայ: Առիթ մի՛ տաք ուրիշներուն, որ քննադատեն ձեր գործերը:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Նիւթական դժուարութիւններ պիտի ունենաք, պէտք է որոշ ժամանակ խնայողութիւն ընէք: Մի՛ աճապարէք ձեր պատասխաններուն մէջ, որպէսզի չզղջաք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Ձեր տրամադրութիւնը պիտի բարեփոխուի, եւ դուք պիտի յաջողիք իրականացնել ձեր նպատակներէն մին: Ամուսնութեան առաջարկ մը պիտի ստանաք, եթէ ամուրի էք:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Ամսուան դժուար օրերէն մէկն է: Ուշադիր եղէք, որ յուսախաբ չըլլաք: Արկածախնդրութեան մի՛ դիմէք: Եթէ ազատ ժամանակ ունենաք, պէտք է զբաղիք ձեզի սիրելի արուեստի գործով մը:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Մի՛ թերանաք ձեր պարտականութիւններուն մէջ: Պատրաստ եղէք որեւէ անակնկալի: Նոր բնակարան պիտի տեղափոխուիք: Հանդիպում մը պիտի ունենաք ձեր նախկին ընկերներուն հետ:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Լաւ դասաւորեցէք ձեր ժամանակը, որպէսզի ուշացում չարձանագրէք: Տնային նոր ծախսեր պիտի ծագին: Հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն` պիտի յաջողիք ձեր հարցերը լուծել եւ յաջողութիւն արձանագրել:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Հանգիստ եւ ապահով պիտի զգաք այս շրջանին: Ձեր նախասիրութիւններուն աշխուժօրէն պիտի հետեւիք: Աշխատանքային ճամբորդութեան մը ընթացքին նոր փորձառութիւն ձեռք պիտի ձգէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Մի՛ պարտադրէք ձեր տեսակէտը բոլորին, լսեցէք նաեւ այլոց կարծիքները: Ճկուն եղէք ձեր զրոյցներուն եւ քննարկումներուն մէջ: Հանգիստի ժամանակ տրամադրեցէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Վիճաբանութիւններէ հեռու մնացէք: Ձեր առողջութեան հոգ տարէք: Եթէ հնարաւորութիւն ունիք, նուիրատուութիւն կատարեցէք բարեսիրական հաստատութեան մը:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Յոգնութիւնը եւ նեղութիւնը պիտի ազդեն ձեր մշակած ծրագիրներու գործադրութեան վրայ: Յամառութիւն մի՛ ընէք եւ հոգ տարէք ձեր առողջութեան:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Սրբագրեցէք ձեր սխալները եւ մի՛ մոռնաք ձեզի եղած բարիքները: Իրար մի՛ անցնիք, երբ պարտականութիւնները բազմանան, կարգով կատարեցէք ձեր բոլոր գործերը: