6-8 սեպտեմբերին, Պէյրութի միջազգային թեքուանտոյի 2019-ի ախոյեանութեան Լիբանանի մէջ կայացման առիթով, Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնը չորեքշաբթի, 28 օգոստոսին «Լը Ռըուայալ» պանդոկի (Տըպպայէ) Ազիւրէա սրահին մէջ պիտի տայ յատուկ մամլոյ ասուլիւս մը` ժամը 19:30-ին:
Նշենք, որ Լիբանան երկրորդ անգամ ըլլալով կը հիւրընկալէ այս ախոյեանութիւնը` դարձեալ հովանաւորութեամբ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ, զօր. Միշել Աունի:
Այս ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ Նուհատ Նաուֆալ մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ):
Տեղի ունենալիք այս մամլոյ ասուլիսին ընթացքին նաեւ յատուկ համաձայնագիր պիտի կնքուի Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնին նախագահ Հապիպ Զարիֆէի եւ Լիբանանի Մու-Թայի ֆետերասիոնին նախագահ Սեմի Քըպլաուիի միջեւ:
Նշենք, որ բազմաթիւ երկիրներ արդէն իսկ այս ախոյեանութեան մասնակցելու իրենց հաւանութիւնը տուած են:
Անոնց կարգին են Միացեալ Նահանգներ, Իտալիա, Զուիցերիա, Ղազախստան, Վենեզուելա եւ ուրիշներ: