Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց. «Բացարձակապէս ոչ մէկ նախագահ (Միացեալ Նահանգներու) Իսրայէլի համար կատարած է որեւէ բան, որ մօտ է կատարածիս` Կոլան, Երուսաղէմ, Իրան եւ այլ բաներ»:
Ան այս մասին յայտնեց` պատասխանելով հարցումի մը, որ կը վերաբերէր նախապէս ըսած իր այն խօսքին, թէ Դեմոկրատական կուսակցութեան քուէարկող ամերիկացի հրեաները «ապերախտ» են: Այդ խօսքը ոմանց կողմէ նկատուած էր հակասեմական:
Թրամփ Սպիտակ տան դիմաց անպատրաստից ու երկարատեւ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին շեշտեց. «Ես հոյակապ բաներ ըրի Իսրայէլի համար»:
Միւս կողմէ, ան դարձեալ իր դեմոկրատական հակառակորդները, մասնաւորաբար ծագումով պաղեստինցի քոնկրեսական Ռաշիտա Թլէյպը, ամբաստանեց հակասեմականութեամբ: