Չինաստան անցեալ ամիս շարք մը հաշուարկներով Իրանէն 4,4-11 միլիոն տակառ քարիւղ գնած է: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով քարիւղատար նաւերու տեղաշարժին հետեւող ընկերութիւններու տուեալներուն:
Այսպիսով, Փեքին անտեսած է Ուաշինկթընի յայտարարած` Թեհրանէն քարիւղ գնելու արգելքը:
«Այդ ձայնաչափի վերին սահմանագիծը պիտի նշանակէ, որ յուլիսին արտածումը նախկինին պէս կազմած է անցեալ տարուան մակարդակի շուրջ կէսը` հակառակ պատժամիջոցներուն», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:
Միւս կողմէ, Ուժանիւթի միջազգային գործակալութիւնը յայտարարեց, թէ Իրանի քարիւղի արտահանումը նուազած է 1980-ական թուականներէն ի վեր նուազագոյն մակարդակին: