«ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՓՈՒԹԻՆԻ ՄԻՋԵՒ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱՐԵԼԻ Է» Կ՛ԸՍԷ ՔՈՒՏՐԻՆ
By adminx - Wed Dec 28, 7:40 am
Ռուսիոյ ելեւմուտքի նախկին նախարար Ալեքսէյ Քուտրին ռուսական «Վետոմոսթի» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ վարչապետ Վլատիմիր Փութին պատրաստ է ընդդիմութեան հետ երկխօսութիւն կատարելու եւ «մարտ 4-ի ընտրութիւններէն չի վախնար»:
Քուտրին յայտնած է, որ Սախարովի պողոտային մէջ տեղի ունեցած հանրահաւաքի նախօրեակին հանդիպում ունենալով զրուցած է Փութինի հետ եւ «հասկցած, որ երկխօսութիւնը ընդհանրապէս կարելի է»:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Փութինի հետ իր ունեցած հանդիպումին մասին պատմելէն չի՞ վախնար, ան ըսած է. «Եթէ ազատ ընտրութիւններ ըլլան, թող երկիրը ղեկավարէ յաղթողը, եթէ նոյնիսկ ատիկա Փութինը ըլլայ: Այս թեզը հնչած է հանրահաւաքներուն ժամանակ: Տակաւին ուրբաթ օր կը կասկածէի հանրահաւաքին մասնակցելու հարցին մէջ: Երթալու հարցին մէջ ոչ ոքի հետ չեմ խորհրդակցած: Փութինի անունով բանակցութիւններ վարելու իրաւասութիւն չունիմ: Եթէ կողմերը համաձայնին առանց ինծի, միայն ուրախ պիտի ըլլամ: Իմ ներկայ անկախ կարգավիճակս զիս կը բաւարարէ»:
Նախագահ Մետվետեւի առաջարկած քաղաքական փոփոխութիւններուն մասին Քուտրին ըսած է, որ անոնք լուրջ լրամշակման կարիք ունին:
Յիշեցնենք, որ սեպտեմբերին հրաժարական տուած Քուտրին 24 դեկտեմբերին մասնակցած էր ընդդիմութեան հանրահաւաքին եւ յայտարարած, որ իրեն համար առաջնահերթութիւնը ազատ ընտրութիւններն են:






