Փարիզ Սեն Ժերմենի պրազիլցի յառաջապահ Նէյմար կը մտադրէ բնակարան մը գնել Կիպրոսի Լիմասոլ քաղաքին մէջ կառուցուող «Տը Այքըն» համալիրէն:
Ըստ Կիպրոսի օրէնքին, եթէ անհատ մը իր սեփականութիւնը դարձնէ 2 միլիոն եւրօ եւ աւելի արժող անշարժ գոյք, կրնայ ստանալ կիպրական քաղաքացիութիւն:
Ըստ եւրոպական միութեան, եթէ Նէյմար կիպրական քաղաքացիութիւն ստանայ, Պարսելոնա կամ Ռէալ Մատրիտ փոխանցման պարագային (անշուշտ եթէ հեռանայ Փարիզ Սեն Ժերմենէն), օտար ֆութպոլիստներու քանակի սահմանափակման հարցին հետ կրնայ որեւէ խնդիր չունենալ: