ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԹԵՄԻ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԴՊՐՈՑՆԵՐ. «ԲԱՐԵՒ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐ» ԽՈՒՄԲԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑ «ԳՏՆԵԼ ԿԱՂԱՆԴ ՊԱՊՈՒԿԸ» ԹԱՏԵՐԱԽԱՂԸ
By adminx - Wed Dec 28, 7:20 am
Հովանաւորութեամբ Լիբանանի թեմի կիրակնօրեայ դպրոցներու վարիչ մարմինին, կատարողութեամբ «Բարեւ փոքրիկներ» խումբին, կիրակի, 25 դեկտեմբերի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ Լիբանանի թեմի կիրակնօրեայ դպրոցը ներկայացուց «Գտնել կաղանդ պապուկը» երաժշտախառն թատերախաղը` ներկայութեամբ բոլոր կիրակնօրեայ դպրոցներու աշակերտներուն եւ ուսուցչակազմին:
Կիրակնօրեայ դպրոցներու վարիչ մարմինին անունով Ժանին Մարգարեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն` յորդորելով, որ իրենց աստուածատուր շնորհները գործածեն կիրակնօրեայ դպրոցներու պայծառութեան համար:
Այնուհետեւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ, մօտաւորապէս մէկուկէս ժամ տեւողութեամբ «Բարեւ փոքրիկներ» խումբը ներկայացուց թատերախաղը: Մերթ ընդ մերթ փոքրիկներու խումբը մուտք գործելով իր պարերով կը ճոխացնէր մթնոլորտը` միասնաբար խոզուկին, արջուկին, գորտին, բադիկին, նաեւ դերասաններուն հետ: Աւարտին Կաղանդ պապուկին մուտքով խանդավառութիւնը հասաւ իր գագաթնակէտին:
Թատերախաղի աւարտին խօսք առաւ Կիրակնօրեայ դպրոցներու վարիչ մարմինի պատասխանատու Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան, որ գնահատեց «Բարեւ փոքրիկներ» խումբի դերակատարները եւ անդրադառնալով թատերախաղի փոխանցած պատգամին շեշտեց, որ անհրաժեշտ է անձնասէր չըլլալ եւ գոհացնել ուրիշներն ալ, ինչպէս նաեւ դիմագրաւել կեանքի դժուարութիւնները, որպէսզի հասնինք մեր նպատակին:
Յիշեցնենք, որ սոյն թատերախաղը ներկայացուեցաւ նաեւ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, նոյն վայրին մէջ: Երկրորդ ներկայացումին եւս ներկայ էր փոքրիկներու հոծ բազմութիւն:





