Լիբանանի ֆութպոլի ախոյեանութեան 2019-2020 տարեշրջանի նախօրեակին Ա. դասակարգի երկու խումբեր` Նըժմէ եւ Թրիփոլի, պաշտօնական յայտարարութիւններ հրապարակելով յայտնեցին, որ ունեցան իրենց նոր գլխաւոր մարզիչները:
Նըժմէի նոր մարզիչ նշանակուեցաւ եգիպտացի Մոհամետ Ապտել Ազիմ:
Ան եղած է շարք մը ակումբներու մարզիչ եւ պաշտօնավարած Յորդանանի, Պահրէյնի, Քուէյթի եւ Օմանի մէջ:
Ինչ կը վերաբերի հիւսիսային Լիբանանի Թրիփոլի ֆութպոլի խումբին, անոր մարզիչը եւս եղաւ Եգիպտոսէն` Ահմետ Հաֆեզ:
Ակումբին պատասխանատուները զայն պաշտօնապէս ներկայացուցին հանրութեան: