Սպանիոյ մէջ իր աւարտին հասաւ «Փոնթեւետրա օփըն» ճատրակի միջազգային մրցաշարքը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 85 ճատրակ խաղացողներ, որոնց կարգին` 9 կրանտմասթըրներ:
Հայաստանի ներկայացուցիչ Կարէն Գրիգորեան առաւելագոյն 9 կէտէն 7 կէտ ապահովելով գրաւեց 2-րդ դիրքը:
Իսկ Գերմանիոյ մէջ աւարտած «Տրեստըն օփըն»-ի միջազգային մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 64 ճատրակ խաղացողներ:
Հայաստանի աղջկանց հաւաքականի անդամ Լիլիթ Մկրտչեան առաւելագոյն 9 կէտէն 7 կէտ ապահովելով հանդիսացաւ 3-րդ: