«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող Հիուսթըն Ռոքեթցի մարզիկ Ճէյմս Հարտեն յայտարարեց, թէ 2019-2020 տարեշրջանին պիտի զարմացնէ բոլորը` իր նոր հնարքներով:
Ան ըսաւ, թէ նախապատրաստական փորձերու ընթացքին կ՛աշխատի տարբեր տեսակի անակնկալներ պատրաստել:
Ան յայտնեց, որ այժմ այդ ուղղութեամբ յաւելեալ ոչինչ պիտի յայտարարէ, բայց անակնկալները պիտի յայտնուին նոր տարեշրջանին:
Ինչ կը վերաբերի Ռասըլ Ուեսթպրուքի Ռոքեթց տեղափոխուելուն, ան նշեց, որ որեւէ դժուարութիւն պիտի չըլլայ իր եւ անոր միջեւ միասին խաղալու առումով` նկատի ունենալով, որ ինք եւ Ուեսթպրուք նախապէս իրարու հետ միասին մրցումներ կատարած են ախոյեանութեան ծիրին մէջ եւ ազգային խումբին հետ: