Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ահմետ Հաֆեզ յայտարարեց, թէ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սամեհ Շուքրի եւ անոր ամերիկացի պաշտօնակից Մայք Փոմփէօ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկած են Սուրիոյ կացութիւնը:
«Երկու նախարարները վերահաստատեցին ահաբեկչութեան դէմ եւ անոր բնաջնջման համար պայքարին մէջ երկու երկիրներու միջեւ սերտ համակարգումը», նշեց ան:
Հաֆեզ յայտնեց, որ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարը իր զրուցակիցին ներկայացուցած է կայունութեան ու անվտանգութեան հաստատման, ինչպէս նաեւ շրջանին մէջ բաղձալի կայունութիւն հաստատող փոխզիջումնային խաղաղ լուծումներու հասնելու եգիպտական ջանքերը: