Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան 3 հոկտեմբերին պիտի այցելէ Ազրպէյճան: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը:
Թուրքիոյ նախագահը Ազրպէյճան պիտի այցելէ թրքախօս պետութիւնները միաւորող միջազգային կազմակերպութեան` Թրքական խորհուրդի 7-րդ նիստին եւ Թրքական խորհուրդի ստեղծման 10-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն մասնակցելու համար:
Թրքական խորհուրդը ստեղծուած է 3 հոկտեմբեր 2009-ին: Կազմակերպութեան անդամ պետութիւններն են Ազրպէյճանը, Թուրքիան, Ղազախստանը, Ուզպեքիստանը եւ Խըրխըզիստանը: