Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Բրիտանիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսընի հետ քննարկած է Բրիտանիոյ` Եւրոպական Միութենէն դուրս գալը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Սպիտակ տան:
«Վարչապետ Ճոնսըն նախագահին տեղեկացուցած է «Պրեքզիթ»-ի վերաբերեալ», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Թրամփ նաեւ «մեծ ոգեւորութիւն» յայտնած է Ֆրանսայի մէջ տեղի ունենալիք Եօթներու խմբակի վեհաժողովի ծիրին մէջ Ճոնսընի հետ յառաջիկայ հանդիպման վերաբերեալ: Կը նշուի նաեւ, որ խօսակցութեան ընթացքին քննարկուած են առեւտուրի եւ տնտեսութեան վերաբերող հարցեր:
«Մենք խօսեցանք «Պրեքզիթ»-ի, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու եւ Բրիտանիոյ միջեւ ազատ առեւտուրի գործարքին մասին», «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է Թրամփ:
Սպիտակ տան ղեկավարը նախապէս աջակցութիւն յայտնած էր Բրիտանիոյ` Եւրոպական Միութենէն դուրս գալուն, ինչպէս նաեւ դրական արտայայտուած Ճոնսընի մասին: