Դիւանագիտական արեւմտեան աղբիւրներ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ Սուրիոյ մէջ Եփրատի արեւելեան ափին վրայ «անվտանգութեան գօտի»-ի շուրջ գոյացած թուրք-ամերիկեան փոխադարձ հասկացողութեան հիմամբ այդ շրջանը պիտի ըլլայ Ռասուլ Այն եւ Թել Ապիատ քաղաքներուն միջեւ 70-80 քիլոմեթր երկարութեամբ եւ 5-14 քիլոմեթր խորութեամբ, այդտեղ թրքական եւ ամերիկեան ուժերը միասնաբար պարեկային ծառայութիւն պիտի կատարեն, ինչպէս նաեւ գործողութիւններու միացեալ կեդրոն պիտի հաստատուի:
Յիշեցնենք, որ թրքական կողմը կը պահանջէր, որ անվտանգութեան գօտին Ժարապլուսէն Իրաքի հետ սահման երկարի եւ անոր խորութիւնը ըլլայ 20-30 քիլոմեթր:
Աղբիւրները շեշտեցին, որ համաձայնութիւնները չեն ներառեր տեղական ինքնակառավարման որեւէ ոլորտ, կապ չունին ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի Միջազգային դաշինքին հետ, սակայն կը ներառեն քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու շրջանէն դուրս բերում, ծանր զէնքերու Թուրքիոյ սահմանէն 20 քիլոմեթրով հեռացում եւ շրջանին վերեւ լրտեսական օդանաւերու թռիչքներու արտօնում:
«Շարք Աուսաթ» կը նշէ, թէ թուրք-ամերիկեան համաձայնութենէն քանի մը օր ետք, Անգարա դէպի Իտլիպի գիւղական շրջանին մէջ գտնուող իր դիրքերը ուղարկած է զինուորական յաւելեալ ուժեր` «փորձելու» համար Սուրիոյ հիւսիս-արեւմուտքին մէջ լարուածութեան մեղմացման գօտիի շուրջ համաձայնութեան Մոսկուայի յանձնառութիւնը, սակայն անոնք Խան Շէյխուն քաղաքէն 15 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող Մաարաթ Նոհման քաղաք հասնելէ ետք ռուս-սուրիական ռմբակոծումի ենթարկուած են: