Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լիկ-1»-ի Բ. հանգրուանի մրցումներուն, բաժակակիր Ռենն ստեղծեց տարեշրջանի առաջին անակնկալը, երբ 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց իր հիւրին` ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենի դէմ:
Ա. կիսախաղը 1-1 արդիւնքով հաւասարութեամբ աւարտելէ ետք, Ռենն Բ. կիսախաղին սկիզբը (48-րդ) նշանակեց իր յաղթանակի կոլը:
Այսպիսով, Ռենն երկու այլ խումբերու` Լիոնի եւ Նիսի նման ապահոված է առաւելագոյն 6 կէտը:
Մոնաքօ, Նիմ եւ Տիժոն կրած են երկուքական պարտութիւն: