Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ապպաս Մուսաւի յայտարարեց, թէ Թեհրանի մէջ Իրանի, եմէնեան Անսարուլլա շարժումի պատուիրակութեան եւ եւրոպական չորս պետութիւններու դեսպաններուն միջեւ եռակողմ ժողովի ընթացքին Եմէնի հարցով «լաւ համաձայնութիւններ» գոյացած են:
«Իրան շուրջ երկու տարի առաջ Եմէնի տագնապին քաղաքական լուծում գտնելու ծիրին մէջ սկսաւ դիւանագիտական քայլերու, եւ շարք մը նախաձեռնութիւններ կատարեց, եւ համաձայնութիւն գոյացաւ առաջարկներէն մէկուն` Անսարուլլայի եւ եւրոպական չորս պետութիւններու միջեւ բանակցութիւններ կատարելու շուրջ: Այդ բանակցութիւնները ունեցան հինգ փուլեր», ըսաւ Մուսաւի:
Ան յայտնեց, որ օգտուելով հուսիներու Անսարուլլա շարժումի պատուիրակութեան Թեհրան ներկայութենէն, տեղի ունեցած են երկկողմանի լաւ բանակցութիւններ, ինչպէս նաեւ Եմէնի տագնապի քաղաքական լուծման շուրջ եռակողմանի բանակցութիւններ:
«Թեհրանի մէջ լաւ, անկեղծ, արդիւնաւէտ ու օգտակար բանակցութիւններ ունեցայ, եւ գոյացան լաւ համաձայնութիւններ, ինչպէս նաեւ տագնապին լուծումներու հասնելու լաւ պատրաստութիւններու մասին յայտարարուեցաւ», նշեց Մուսաւի:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը նաեւ ըսաւ. «Կը յուսանք, որ նախայարձակ կողմը եւս համոզուի քաղաքական լուծումին եւ հինգ տարի ետք գիտակցի, թէ եմէնեան տագնապը զինուորական լուծում չունի, այլ միայն կենսական ենթակառոյցներու քանդում, կիներու եւ մանուկներու սպանութիւն եւ ապահովութեան չգոյութիւն կայ, ինչպէս նաեւ չկարծեն, որ եթէ պատերազմը յաւելեալ հինգ տարիով շարունակեն, կրնան յաղթանակ արձանագրել»: