Տխուր Գիրքէն Ուրախ Էջ Մը
(Ժիպէյլի Ամերիկեան Որբանոցի
Յուշամատեանի Հրատարակութեան Առիթով)
Սա հինգ պատանիները, որ կը քալեն ճամբուն մէջտեղէն, բոլորն ալ իրարու կը նմանին: Բոլորն ալ կարճահասակ են ու նիհար, թուխ են ու խուզուած մազեր ունին, բոլորն ալ` խաքի շապիկ ու կարճ տաբատ են հագած, կէս անօթի են ու դատարկ գրպաններ ունին, բոլորն ալ ծնողական գգուանք չեն վայելած ու մօր մը համբոյրին ջերմութիւնը չեն յիշեր, բոլորին ալ կեանքերը մէկական տխուր գիրքեր են: Այս տղաքը Ժիպէյլի Ամերիկեան որբանոցէն արձակուած` կը շտապեն կեանքէն իրենց բաժինը խլելու:
Այսօր, վերի տեսարանէն քառասուն տարի ետք, փոխուած է պատկերը: Նոյն տղաքը արտաքնապէս իրարու չեն նմանիր այլեւս. կան գէրեր ու նիհարներ, երկարահասակներ ու կարճահասակներ, կան թուխեր ու բաց գոյն ունեցողներ: Երկուքը անոնցմէ երկրաչափ են եղած, մէկը` բժիշկ, չորրորդը` բարձրաստիճան պաշտօնեայ, իսկ վերջինը` ամերիկեան համալսարանի մը մէջ անգլերէն լեզուի փրոֆեսէօր: Ներքնապէս բոլորն ալ իրարու կը նմանին: Բոլորն ալ օրինակելի հայեր են, բոլորն ալ կը յիշեն իրենց այբուբենը ու պահանջատէր են իրենց յափշտակուած իրաւունքներուն: Բոլորն ալ իրենց զաւակներուն կը փոխանցեն «հայ» ապրելու անհրաժեշտութիւնը:
Քանի ուրախ վերջաւորութեան տեղեակ եղանք, բարձր տրամադրութեամբ հետեւինք սա մեր հինգ որբերուն, վստահ` որ հաճելի տեղ մը կ՛առաջնորդեն մեզ:
Յունիս ամսու վերջին շաբաթն է: Մեր տղաքը իմացած են, որ ֆրանսական աշխատանոցներու մէջ գիր ու թիւ ճանչցող հսկիչներու պէտքը կայ: Կը շտապեն` քննութեանց մասնակցելու:
– Եթէ քննութիւնները անգլերէնով ըլլային, բոլորս ալ կը յաջողէինք,- կ՛ըսէ Արամ,- բայց ֆրանսերէ՜ն… մեր գիտցածը ի՞նչ է որ: Ա, Պէ, Սէ-էն շատ անդին չենք անցած:
– Յովհաննէսը լաւ ֆրանսերէն գիտէ,- կ՛ըսէ Արմէն,- պէտք է մեզի օգնէ:
– Անշուշտ պէտք է օգնէ,- կ՛երկրորդէ Անդրանիկ,- ես ինչպէ՜ս միշտ օգնած եմ ձեզի արաբերէնի մէջ:
– Ի՞նչ օգնած ես, ծօ՛,- կ՛ըսէ Լեւոն,- երկու տարի արաբ վրանաբնակներուն քով հովիւ եղած ես ու դուն քեզ արաբագէտ կը կարծես:
– Ապերա՛խտ, հապա չե՞մ օգնած. քանի՜ անգամ չգիտցած բառերդ ետեւէ՜դ յուշած եմ:
– Այո՛, բառեր գիտես, բայց կարդալ – գրելուն քովէն իսկ չես անցած:
– Զիս ի՞նչ կը կարծես,- կը փրփրի Անդրանիկ,- ես քու պապայիդ արաբերէն դաս կու տամ:
– Լա՛ւ, լա՛ւ, շատ մի՛ վիճաբանիք,- կը միջամտէ Արմէն, – Անդրանի՛կ, հոս նայէ, սա «Ֆորտ» ընկերութեան կարաժին առջեւ դրուած ինքնաշարժին վրայ արաբերէն բաներ մը գրուած են, կարդա՛ նայիմ:
Անդրանիկ ուշադրութեամբ կը նայի գիրերուն, կը հեգէ եւ ձայն չի հաներ: Սեւեռուն ու ապշած կը դիտէ ինքնաշարժը:
– Ի՞նչ է, չկրցա՞ր տակէն ելլել,- կը հարցնէ Արամ:
– Կարդացի,- կ՛ըսէ Անդրանիկ,- բայց սխալ բան մը ըլլալու է. պէտք չէ այդպէս գրուած ըլլայ:
– Ի՞նչ գրուած է,- կը հարցնէ Լեւոն:
– «Քօմիք Սարգիս»,- կ՛ըսէ Անդրանիկ անվստահ:
«Քօմիք Սարգի՜ս» կը բացագանչեն չորսը մէկ բերան ու կը մօտենան ինքնաշարժին: Ինքնաշարժին միւս կողին վրայ անգլերէն լեզուով գրուած էր. «Քուիք Սըրվիս»:
Երկար ատեն կարելի չ՛ըլլար տղոց քրքիջը զսպել: Անդրանիկ կ՛աշխատի փաստել, որ գիրերը աւրուած էին քիչ մը ու` իւղով ծածկուած: «Ծօ՛, ի՜նչ կը խնդաք կոր, ես բոլորիդ տարիներով արաբերէնի դաս կրնամ տալ»: Ճարահատ` կը սպառնայ վերադառնալ ակումբ` որբերուն տունը, ու չմասնակցիլ քննութիւններուն:
– Տէ՛, այդչափ իրար մի՛ անցնիր,- կ՛ըսէ Արամ,- սա որոշ է, որ մեզի եւ մեր պապաներուն կրնաս տարիներով արաբերէնի դաս տալ: Հիմա աւելի կարեւորը ֆրանսերէնն է: Յովհաննէսը անշուշտ թէ կ՛օգնէ մեզի, բայց աշխատինք կարելի եղածին չափ իրարու մօտ նստիլ:
– Շատ կարեւոր է, որ իմ դէմքս տեսնէք,- կ՛ըսէ Յովհաննէս,- ես բերնի շարժումներով ձեզի կը բացատրեմ պէտք եղածը:
Դժբախտաբար մեր տղաքը իրարու մօտ չեն կրնար նստիլ: Ընդարձակ սրահին մէջ երեսունի մօտ թեկնածուներ կան. փողկապներով, ակնոցներով, շնորհքով հագուած երիտասարդներ` աւելի ներկայանալի արտաքնապէս, քան` մեր տղոց ուսուցիչները: Աժուտան շեֆը, ծխամորճը խածած, կը դիտէ թեկնածուները: Վախազդեցիկ արտայայտութիւն մը չունի աժուտանը, բայց շատ արագ կը խօսի` ծխամորճը ծամելով: Յովհաննէս, ուշք դարձած, կը հետեւի շեֆին իւրաքանչիւր բառին: Վերջապէս թուղթերն ու մատիտները կը բաժնուին, եւ աժուտան շեֆը կ՛ըսէ.
Երկու էջնոց շարադրութիւն մը կ՛ուզեմ ձեզմէ հետեւեալ նիւթին շուրջ. «Լ՛ուազիվիթէ է լա մեր տը թութ լէ վիս»: (Անգործութիւնը բոլոր չարեաց մայրն է):
Բացի մեր չորս տղոց գլուխներէն` միւսները կը ծռին թուղթերուն վրայ եւ մատիտները կը սահին գիծերու երկայնքին: Յովհաննէս գլուխը կը բարձրացնէ ու կը փնտռէ ընկերները: Սեւ գնդակներու պէս կը նշմարուին չորս գլուխները ու լայն բացուած, սեւ աչքերու մէջ կը կարդացուի նոյն հարցումը. «Ի՞նչ է նիւթը»: Յովհաննէս շրթները կը կլորցնէ եւ, ապա, լայն կը բանայ բերանը ու վանկ առ վանկ կ՛աշխատի հասկցնել առաջին բառը. «լու-ա-զօ, լու-ա-զօ». չեն հասկնար եւ ձեռքի մատներու արագ արագ դարձուածքներով կը հարցնեն. «Ի՞նչ, ի՞նչ»: Յովհաննէս կը կրկնէ բառը` «լու-ա-զօ, լու-ա-զօ. թռ-չուն, թռչուն»: Անօգուտ. Յովհաննէս կը նայի շեֆին կողմը ու կը կրկնէ բառը «լու-ա-զօ» եւ թեւերով թռչելու ձեւեր կ՛առնէ. «թռչուն, թռչուն»: Աւելի լաւ արդիւնք կու տայ այս ձեւը: Տղաքը իրարու կը փոխանցեն բառը: Յովհաննէս` գոհ առաջին յաջողութենէն, կը սկսի բացատրել շարունակութիւնը. «տը-լա-մեր», տը-լա-մեր. ծո՛վ, ծով». բերանը լայն լայն բանալով կը կրկնէ. «տը-լա-մեր. ծով. լու-ա-զօ տը-լա-մեր. ծովու թռ-չուն». օ՜հ, ի՛նչ բթամիտ են սա տղաքը: Յովհաննէս լողալու շարժումներ կ՛ընէ. «Ծով, ծո՜վ»: Արմէն, որ ամէնէն մօտն էր Յովհաննէսին, ցած ձայնով կ՛ըսէ. «թռչունը կը լողայ». Յովհաննէս, մատով ժխտական նշան կու տայ ու Արմէնին լսելի ձայնով կը փսփսայ. «տը-լա-մեր. ծով». Արմէն «տը-լա-մեր»-ը կը հասցնէ միւս ընկերներուն: Մատերու եւ աչքերու հարցական շարժումները կը շարունակուին: «Վոլ» կ՛աշխատի հասկցնել Յովհաննէս. «վո՛լ, վո՛լ. կը թռչի». թռչելու ձեւեր կ՛ընէ. «ծօ՛, ապուշներ,- կ՛ըսէ Յովհաննէս` բերանը անձայն բանալով գոցելով,- ծովու թռչունը ի՞նչ կ՛ընէ… կը թռչի. վոլ, վոլ. լու-ա-զօ տը-լա-մեր վոլ. ժամանակը կ՛անցնի կոր. վոլ, վո՜լ»: Արմէն «վոլ» կը կրկնէ: Յովհաննէս կը ժպտի` գլխու հաստատական նշան տալով: «Վոլ»-ը կ՛երթայ կը հասնի հասցէներուն: Հարցական մատի շարժումները կը շարունակուին: Յովհաննէս, կարելի ճշգրտութեամբ կ՛ըսէ. «տը թութ վիթես. տը-թութ վի-թես»: Արմէնի մատները անվերջ կը շարժին: «Տը-թութ վիթես. տը-թութ վիթես», կը կրկնէ Յովհաննէս ու ձեռքերով արագ արագ յառաջանալու նշաններ կու տայ. «վի-թես, վի-թես». Արմէն այդ տեղացի չէ. «ծօ՛, էշեր,- կը զայրանայ Յովհաննէս.- տը-թութ վիթես»: «Էշ» կը կրկնէ Արմէն` ժպտուն: Յովհաննէս մատի շարժումով «ո՛չ, ո՛չ» կ՛ըսէ: Արմէն շարժուձեւերով կը թելադրէ Յովհաննէսին, որ նիւթը գրէ թուղթի մը վրայ ու փոխանցէ իրեն: Վտանգաւոր գործողութիւն. Յովհաննէս կը դիտէ շուրջը, շեֆը ուրիշներով զբաղած է. Յովհաննէս կ՛առնէ թուղթի կտոր մը եւ հատիկ հատիկ կը գրէ. «Լուազօ տը լա մեր վոլ տը թութ վիթես» (ծովու թռչունը մեծ արագութեամբ կը թռչի). կը կլորցնէ թուղթը ու կը նետէ Արմէնին: Արմէն, մեծ գոհունակութեամբ, կ՛ընդօրինակէ նիւթը եւ թուղթը զգուշութեամբ կը փոխանցէ Անդրանիկին: Արամ ու Լեւոն, նոյնպէս, կը տիրանան այդ թանկագին թուղթի կտորին: Անկէ անդին հեշտ էր այլեւս, մանաւանդ որ իրենց դասագրքին մէջ առատ նիւթ կար ծովու եւ թռչուններու մասին: Ժիպէյլի որբերը շատ լաւ կը ճանչնան այդ արագաթռիչ արարածները. շատ լաւ գիտեն, որ ծովը կապոյտ է, ալիքներ ունի, ալիքները փրփուր ունին, ծովը կը փոթորկի, այդ ճերմակ ոգիները կը ճախրեն ալիքներու վրայէն ու ձուկ կ՛որսան. արեւը կը գունազարդէ հորիզոնը եւ այլն, եւ այլն, եւ այլն… Ա՜խ, եթէ միայն ֆրանսերէն գիտնային, ճշմարիտ որ առաջին հինգ տեղերը կը գրաւէին: Բայց ի՛նչ սորվեցուցած են որ.. ժը մանժ, դիւ մանժ, իլ մանժ… կ՛ուտեմ, կ՛ուտես, կ՛ուտէ… բայ մը, որ միայն կրցած են երազել` առանց կարենալ իրագործելու:
Պահը վերջ գտած է. մեր տղաքը հազիւ կրցած են քանի մը տող մրոտել: Շեֆը կը հաւաքէ թուղթերը ու կը յայտնէ, թէ յաջորդ շաբաթ, երեքշաբթի, ժամը իննին, պիտի տայ քննութեանց արդիւնքները նոյն սրահին մէջ:
Յաջորդ երեքշաբթի, աժուտան շեֆը, նախքան արդիւնքները յայտնելը, մեր տղոց անունները կը կարդայ ու կը թելադրէ, որ սրահին մէջ մնան` թեկնածուներուն մեկնելէն ետք: Վեց լաւագոյն շարադրութեանց տէրերուն կ՛իմացնէ, թէ գործի ընդունուած են եւ պէտք է սերժան շեֆը տեսնեն: Բոլորն ալ կը մեկնին` բացի մեր հինգ որբերէն, աժուտան շեֆէն ու հայու դիմագծով, ներկայանալի երիտասարդէ մը:
Շեֆը կը նստի որբերուն դիմաց, անխօս, ուշի ուշով կը դիտէ զանոնք ու կը սկսի սրտաբուխ խնդալ: Բարի ու փոխանցիկ խնդալու կերպ մը ունի: Երիտասարդն ալ կը սկսի խնդալ: Մեր տղաքը ատեն մը շուարած կը դիտեն խնդացողները ու իրենք ալ կը սկսին խնդալ: Շեֆը տղոց խնդալը դիտելով` կը կրկնապատկէ խնդուքը: Աստիճանաբար, երբ խնդուքները կը մեղմանան, երիտասարդը հայերէն կը սկսի խօսիլ.
– Գիտէ՞ք, տղա՛ք, ինչո՞ւ շեֆը այսքան կը խնդայ: Շաբաթէ մը ի վեր, ժամանակ առ ժամանակ, այսպիսի խնդուքներ կ՛ունենայ` ձեզ յիշելով: Կը զարմանայ, թէ ինչպէ՛ս սրահին այլեւայլ անկիւնները նստած` «ծովու թռչուններ»-ու մասին բաներ մը գրած էք, մինչդեռ ինք, իբրեւ նիւթ, ձեզի տուած է` «Անգործութիւնը բոլոր չարեաց մայրն է»:
Տղաքը ապշած` Յովհաննէսը կը դիտեն: Յովհաննէս, շուարած ու կաս կարմիր կտրած, գլուխը ուսերուն մէջ կը քաշէ, վարի շրթունքը վերի շրթունքին վրայ կը բերէ եւ աչքերով «Ի՞նչ գիտնամ, ես այդպէս լսեցի» ըսել կ՛ուզէ: Տղաքը վայրկեան մը կը դիտեն զիրար ու խնդուքը կը վերսկսի: Աժուտանը, այդ առիթին կը սպասէր կարծէք, կը վերսկսի իր լիահագագ քրքիջը: Երբ խնդուքները կրկին կը մեղմանան, երիտասարդը կ՛ըսէ.
– Մեր շեֆը պատուական հայասէր մըն է. ականատես եղած է մեր գողգոթային ու իր կարելիութեան բոլոր սահմաններուն մէջ կ՛ուզէ հայ որբերուն օգտակար ըլլալ: Բայց, դժբախտաբար, դուք ֆրանսերէն չէք գիտեր: Կը թելադրէ ձեզի, որ աշխատիք ատաղձագործարանին մէջ. օրական ձեզի երեսունական ղրուշ պիտի տայ, որ շատ լաւ վճարում մըն է: Ատաղձագործարանը հայերով լեցուած է, ու գործը շատ ծանր չէ. անկէ զատ, արհեստ մըն ալ կը սորվիք: Ի՞նչ կ՛ըսէք:
– Երախտագիտութեամբ կ՛աշխատինք,- կ՛ըսէ Արամ,- բայց շեֆը պէտք է գիտնայ, որ «Նիր Իսթ Ռիլիֆ»-ը մեզի բարերարներ գտած է, ու մենք ձմրան դպրոց պիտի յաճախենք:
Երիտասարդը կը թարգմանէ Արամին ըսածը եւ տղոց կը յայտնէ շեֆին պատասխանը.
– Եթէ յաջողէիք քննութեան մէջ, դպրոց պիտի չերթայի՞ք ձմեռը:
– Պիտի ձգէինք գործը ու դպրոց պիտի երթայինք,- կ՛ըսէ Յովհաննէս,- բայց մենք չէինք գիտեր, թէ շեֆը այսքան բարի խնդուք մը ունի:
Շեֆը գոհ կը մնայ Յովհաննէսին պատասխանէն ու կ՛ընդունի մեր տղաքը աշխատցնել:
Հայ տղաքը մեծապէս գոհ կը ձգեն շեֆը` իրենց աշխատանքով: Միայն դժգոհ կը մնան Անդրանիկն ու Յովհաննէսը, որովհետեւ նոր անուններով կը մկրտուին. առաջինը` «Քօմիք Սարգիս», իսկ երկրորդը` «Լուազօ»:
ՖԻԼԻՓ ԶԱՔԱՐԵԱՆ