ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Ուրախ կ՛երեւիք: Մի՛ համաձայնիք ձեզի չյարմարող պայմաններուն: Ձեր տրամադրութիւնը պիտի լաւանայ: Ձեր միտքերով ուշադրութեան առարկայ պիտի դառնաք:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Վճռական որոշումներ մի՛ տաք այս օրերուն: Յուսախաբութեան եւ տխուր շրջան մը պիտի ապրիք: Նոր աշխատանքի մի՛ սկսիք: Ժխտական շրջան մըն է:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Այս շրջանը լեցուն է բազում գործերով եւ պատասխանատուութեամբ: Բարի տրամադրուեցէք ձեր ընկերներուն հանդէպ: Նիւթական դժուարութիւններ պիտի ունենաք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Պատրաստ էք կատարելու ձեզի վստահուած բոլոր պարտականութիւնները: Լուսարձակի տակ պիտի առնուին ձեր կարողութիւնները: Զօրաւոր կամքով գործի պիտի սկսիք այս շրջանին: Դրական շրջան մըն է ձեզի համար:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Պիտի անդամակցիք բարեսիրական միութեան մը: Ձեր ընկերներուն հետ պիտի ուրախանաք եւ հաճելի պահեր պիտի ապրիք պտոյտի մը ընթացքին:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Հանդարտեցուցէք մթնոլորտը, որպէսզի խաղաղ ըլլայ ձեր կեանքը: Տագնապալի եւ յոգնեցնող շրջան մըն է, համբերող եղէք: Մի՛ մեղադրէք ձեր սիրելիները, այլ հասկցէք անոնց վիճակը:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Մի՛ տագնապիք, հանդարտ եղէք: Յարգեցէք օրէնքները եւ խաղաղ ապրեցէք: Դրական շրջան մըն է: Յառաջանալու համար առիթները օգտագործեցէք:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Ձեր առողջական վիճակը անհոգութեան մի՛ մատնէք: Ճկուն եւ դիւանագէտ եղէք ձեր յարաբերութիւններուն մէջ: Վերջապէս ձեր հարցերուն լուծումներ պիտի գտնէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Յարմար շրջան մըն է` վերագտնելու ձեր դիրքը ձեր միջավայրին մէջ: Օգնութիւն խնդրեցէք եւ ձեր կարգին օգնեցէք: Հանդիպումներու ընթացքին զիջումներ կատարեցէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Ճնշող շրջան մըն է, ձեզի պիտի օգնէ միայն հանդարտութիւնը: Թշնամիներ ունիք, որոնց հետ վիճաբանութիւններ պիտի ունենաք: Կարեւորութիւն մի՛ տաք աննշան հարցերու:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Կանուխ սկսեցէք ձեր աշխատանքը եւ մի՛ զբաղիք երկրորդական հարցերով: Ձեր ընելիքները շատ են, թերեւս չյաջողիք աւարտել զանոնք: Դասաւորեցէք ձեր ժամանակը եւ մի՛ թերանաք:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Քննութիւններ տալու եւ ժողովներու մասնակցելու յարմար շրջան է: Կարեւոր աշխատանք մը պիտի տանիք, որուն համար պիտի գնահատուիք եւ նիւթական պարգեւ մը պիտի ստանաք: