Պասքեթպոլի նորաստեղծ Եւրասիական լիկայի նախագահ, Երեւանի Ուրարտու ակումբի նախագահ Կարէն Գիլոյեան իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ.
«Պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով հայերը ստեղծեցին միջազգային լիկա: Շատ լաւ պիտի ըլլայ, եթէ եւրասիական այս լիկան պետական աջակցութիւն ստանայ, եւ իմանանք, որ լիկային թիկունքին Հայաստանը կանգնած է»:
1 հոկտեմբերին Երեւանի մէջ կը սկսի պասքեթպոլի եւրասիական լիկայի ախոյեանութիւնը, որուն կը մասնակցին 4 երկիրներու 6 խումբեր: Հայաստանը պիտի ներկայացնեն Արագածն ու Ուրարտուն:
Լիկայի գրասենեակը պիտի ըլլայ Հայաստանի մէջ:
Նշուեցաւ նաեւ, որ 28 օգոստոսին, պասքեթպոլի միջազգային համագումարին, պաշտօնապէս պիտի վաւերացուի այս լիկային օրինականութիւնը:
Նշենք, որ Հայաստանէն բացի, լիկային պիտի մասնակցին Պիելոռուսիոյ, Ռուսիոյ (2 խումբ) եւ Ղազախստանի կազմերը (ընդամէնը` 6 խումբ):