Լիբանանի 42-րդ միջազգային ռելիին կազմակերպիչ միութիւնը` «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» յայտնեց, որ հինգշաբթի, 22 օգոստոսին, յետմիջօրէի ժամը 13:00-ին, պիտի տայ մամլոյ ասուլիս մը` Քասլիքի մէջ գտնուող իր կեդրոնատեղիին մէջ:
Այս ռելին, որ կ՛իյնայ Միջին Արեւելքի ռելիներու ախոյեանութեան ծիրին մէջ, տեղի պիտի ունենայ 30 օգոստոսէն 1 սեպտեմբեր` հովանաւորութեամբ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի: