ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Յուսահատեցնող շրջան մըն է եւ` բախտէ զուրկ: Ձեր առողջութեան հոգ տարէք: Պայմանները պիտի փոխուին, եւ դուք տխրութիւն պիտի զգաք: Արագ որոշում մի՛ տաք, որպէսզի չզղջաք:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Որեւէ ծրագրի գործադրութեան մի՛ սկսիք այս շրջանին: Աշխատեցէք աւարտել ձեր գործերը: Ուշադիր եղէք խաբեբայ մարդոցմէ, որոնք կրնան կողոպտել ձեզ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Անակնկալ հարցի մը լուծումով պիտի զբաղիք: Փախուստ մի՛ տաք ձեր պարտականութիւններէն: Ձեր գործի շրջանակին մէջ ուշադիր եղէք անհասկացողութենէ եւ անհամաձայնութենէ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Որքան ալ շատնան ձեր պարտականութիւնները, թերացում մի՛ արձանագրէք: Դժուար շրջան մըն է, բայց դուք յաջողութիւն մը պիտի արձանագրէք: Լաւ դասաւորեցէք ձեր ժամանակը: ճամբորդութիւն մը պիտի կատարէք:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Մի՛ վարանիք խրատ խնդրելէ փորձառու մարդոցմէ: Ձեր առողջութեան հոգ տարէք: Թշնամական կեցուածքներէն հեռու մնացէք: Օրէնքները յարգեցէք:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Պայմանագիր մը ստորագրելու առիթով քննարկումի պիտի մասնակցիք ու համարձակօրէն ձեր կարծիքը պիտի տաք: Բացասական եւ դժուար շրջան մըն է, համբերող եղէք:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Յոգնութիւնն ու լարուածութիւնը պիտի ազդեն ձեր ծրագիրներուն եւ ռազավարութեան վրայ: Կանուխ գացէք աշխատանքի եւ լաւ դասաւորեցէք ձեր ժամանակը:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Նոր մարդոց պիտի ծանօթանաք: Յաջողութեան եւ բախտի դռները պիտի բացուին ձեր դիմաց: Զգացական եւ աշխատանքային գետնի վրայ խոստումնալից շրջան մըն է:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Ընտանեկան եւ անձնական պարտականութիւնները պիտի ճնշեն ձեր վրայ: Ձեր քայլերը պիտի դանդաղին, եւ դուք որոշ ժամանակ տեղքայլի մէջ պիտի ըլլաք: Համբերող եղէք եւ վստահեցէք միայն ձեր ուժին:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Կարեւոր նիւթեր պիտի քննարկէք ձեր ընկերութեան մէջ: Ձեր առաջարկները նկատի պիտի առնուին: Աշխատանքային ճամբորդութիւն մը պիտի կատարէք եւ սիրային արկածախնդրութիւն մը պիտի ունենաք, եթէ ամուսնացած չէք:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Մի՛ հետաձգէք ձեր ժամադրութիւնները: Իմաստուն կերպով ծախսեցէք ձեր դրամները` առանց չափազանցելու, որպէսզի նեղ կացութեան չմատնուիք ապագային:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Ձանձրոյթ պիտի զգաք: Մի՛ գանգատիք, համբերող եղէք: Այս շրջանին որեւէ պայմանագիր մի՛ ստորագրէք: Նախընտրելի է` մինակ կատարէք ձեզի վստահուած բոլոր պարտականութիւնները: