Արդարադատութեան նախարարը «Սահմանադրական դատարանին մասին» օրէնքին մէջ կ՛առաջարկէ փոփոխութիւններ, ըստ որուն, Սահմանադրական դատարանի դատաւորները եթէ մինչեւ 31 հոկտեմբեր 2019 հրաժարական ներկայացնեն, պիտի պահպանեն հրաժարականի պահուն իրենց ունեցած աշխատավարձը եւ այլ ընկերային երաշխիքներ, իսկ պաշտօնավարման տարիքը լրանալէ ետք պիտի օգտուին դատաւորի համար օրէնքով սահմանուած կենսաթոշակէն:
Անդրադառնալով այս օրէնսդրական նախաձեռնութեան` ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան հաստատեց, որ քաղաքական իշխանութիւնը ամէն ձեւի կը դիմէ դատական համակարգը սեփականաշնորհելու համար:
«Սկզբնական շրջանին փորձելով հասնիլ Սահմանադրական դատարանի սեփականաշնորհման եւ չկարենալով` հիմա արդէն կը դիմեն այլ տարբերակի: Իշխանութիւնը օրէնքի տեսքով ակնյայտ փտածութեան առաջարկ կը կատարէ դատաւորներուն, որ անթոյլատրելի, միեւնոյն ժամանակ` ստորնացուցիչ առաջարկ է: Սահմանադրական դատարանի այն անդամները, որոնք կ՛ընդունին այդ առաջարկը, յստակօրէն փտածութեան փոխհամաձայնութեան մէջ են», նշեց Ի. Սաղաթէլեան: Ան դիտել տուաւ, որ այս քայլը իշխանութիւններու գործողութիւններուն տրամաբանական շարունակութիւնն է, եւ այսպիսով քաղաքական իշխանութիւնները անգամ մը եւս կ՛ապացուցեն, որ իրենք պատրաստ են որեւէ քայլի, նոյնիսկ անբարոյական առաջարկներու` դատական համակարգը վերջնականապէս սեփականաշնորհելու, զայն նուաճելու համար:
«Ասիկա իրենց անհրաժեշտ է, քանի որ դատական համակարգին լիակատար տիրապետելը իշխանութիւններուն անհրաժեշտ է իրենց անձնական եւ քաղաքական շահերը սպասարկելու համար: Այս գործողութիւնները, խորքին մէջ, կ՛ոչնչացնեն դատական համակարգը, ինչ որ անընդունելի է եւ դատապարտելի», եզրափակեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչը: