Իրանի պետական պահակագունդի հրամանատար հազարապետ-զօրավար Հիւսէյն Սալամի երէկ յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ Հըզպալլայի ստացած պատերազմական կարողութիւնները կը մղեն, որ ան առանձինն տապալէ Իսրայէլը:
Ան հաստատեց, որ իրանցիները մոռցած են Միացեալ Նահանգներու հետ բանակցելու յղացքը:
Սալամի հաստատեց, որ Իրան պիտի չարտօնէ, որ Իսրայէլ շրջանին մէջ ազատ համարձակ շրջագայի` աւելցնելով, որ Իրան պիտի շարունակէ իր պայքարը եւ պիտի բարելաւէ իր զինուորական կարողութիւնները: