Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Եիսրայէլ Քաց ընկերային հաղորդակցութեան ցանցի ճամբով Ատհայի տօնին առիթով շնորհաւորեց իր պահրէյնցի պաշտօնակից Խալետ պըն Ահմետ Ալ Խալիֆան` մաղթելով, որ «Աբրահամի զաւակներուն աւանդութիւնը, որ հասարակաց է, առաջնորդէ երկու ժողովուրդներուն միջեւ խաղաղութեան եւ եղբայրութեան, իսկ երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութեան: Կը սպասեմ քեզ մօտ օրէն անգամ մը եւս տեսնելու»: