Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի յայտարարեց, որ Պարսից եւ Օմանի ծոցերուն մէջ դաշինք ստեղծելու Միացեալ Նահանգներու մտադրութեան վերաբերեալ յայտարարութիւնները կարծեցեալ բնոյթ կը կրեն եւ հազիւ թէ իրագործուին: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն:
«Կասկած չկայ, որ եթէ նոյնիսկ դաշինքի ստեղծման վերաբերեալ յայտարարութիւններուն մէկ մասը իրականացուի, ատիկա պիտի չնպաստէ շրջանի անվտանգութեան», ըսած է Ռուհանի` իրանեան կառավարութեան նիստի ընթացքին:
Ան նաեւ նշած է, որ այդ յայտարարութիւնները ձեւական են եւ ոչ թէ գործնական: Իրանի նախագահին համաձայն, Արաբական ծոցի երկիրները իրենք կրնան ապահովել շրջանի անվտանգութիւնը եւ օտար ուժերու ներկայութեան կարիքը չունին:
Ռուհանի յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգները, ինչպէս նաեւ միւս ուժերը, կ՛ուզեն պառակտել շրջանը եւ ֆինանսապէս «ամայացնել» շրջանի երկիրները:
«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը իր կարգին կը հաղորդէ, որ Ռուհանի յայտնած է, որ «իսրայէլացիները ո՛ւր որ ալ երթան կը քայքայեն անվտանգութիւնը, եւ եթէ կարող ըլլային անվտանգութիւն ապահովել, իրենց անվտանգութիւնը կ՛ապահովէին»` նշելով, որ շրջանին մէջ ջարդերուն ու ահաբեկումներուն ետին կը կանգնին սիոնականները, իսկ անոնց հիմնական հետեւանքները ահաբեկչութիւնն ու պատերազմն են: