Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Տիգրան Բարսեղեան իր ակումբին` Քայսարի հետ հեթրիք մը իրագործեց (31-րդ, 45+2-րդ եւ 52-րդ), Ղազախստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան 22-րդ հանգրուանի մրցումներուն:
Անոր իրագործած այս հեթրիքին շնորհիւ, Քայսար 3-1 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Աթիրաուի դաշտէն:
Այժմ Քայսար 37 կէտով կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման 5-րդ դիրքը: Պարագլուխի դիրքին վրայ կը գտնուի Թոպոլ (42 կէտ):