Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լիկ-1»-ի 2019-2020 տարեշրջանի բացման մրցումին, Մոնաքօ իր դաշտին վրայ 3-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Լիոնէն:
Մոնաքոյէն Սեսք Ֆապրեկաս ստացաւ տարեշրջանի առաջին կարմիր քարտը` 30-րդ վայրկեանին:
Նոյն արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն` պարտութեան մատնելով իր հիւրը` Նիմը: Էտինսըն Քաւանի (24-րդ` փենալթիով), Քիլիան Մպափէ (56-րդ) եւ Անխել Տի Մարիա (69-րդ) նշանակեցին փարիզեան կազմին կոլերը:
Սակայն Մարսէյ պարտութեամբ սկսաւ տարեշրջանը, երբ 2-0 արդիւնքով տեղի տուաւ իր հիւրին` Ռեմի դիմաց: