ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի ընդգծեց, որ Պուրճ Համուտի թափօններու թաղման վայրին ընդարձակումը կամ բարձրացումը կտրականապէս մերժելի է:
«Մենք պատրաստ չենք յաւելեալ խոստումներ հանդուրժելու, չըսելու համար` աղբեր: Այս լուծումը ժամանակաւոր է եւ մասնակի. կարելի չէ յաւելեալ խոստումներու վստահելով համաձայն գտնուիլ բանի մը, եւ յանկարծ մէկը խոչընդոտելով կառավարութեան աշխատանքը, հասնինք անել կացութեան», հաստատեց ան:
Երեսփոխան Բագրատունի նշեց, որ պարզապէս որովհետեւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան նախարարը, այսինքն` կենսոլորտի նախարար Ֆատի Ժրայսաթին է առաջարկը ներկայացնողը, չի նշանակեր, որ մենք պիտի ընդունինք այդ առաջարկը, որովհետեւ Հզօր Լիբանան համախմբումին մաս կը կազմենք:
«Շատ անգամ կը պատահի, որ մենք տարակարծիք կ՛ըլլանք հարցերու շուրջ: Երբեմն մենք կը մերժենք, երբեմն իրենք համաձայն չեն ըլլար», աւելցուց ան:
Ժրայսաթի. «Մեթնի Աղբահանումի Հարցին Լուծումը Ժտէյտէի Թափօններու Թաղման Վայրին Մէջ Է Եւ Ոչ Պուրճ Համուտի»
Միւս կողմէ, կենսոլորտի նախարար Ֆատի Ժրայսաթի հարցազրոյցի մը ընթացքին հաստատեց, որ Մեթնի աղբահանումի հարցին լուծումը Ժտէյտէի թափօններու թաղման վայրին մէջ է եւ ոչ Պուրճ Համուտի:
«Պուրճ Համուտի թափօններու թաղման վայրը կարելի չէ ընդարձակել կամ բարձրացնել, հետեւաբար լուծումը Ժտէյտէի թափօններու թաղման վայրն է», հաստատեց ան:
Ժրայսաթի նշեց, որ նախարարութեան դռները բաց են հաւանական բոլոր լուծումներուն դիմաց: Ան յայտնեց, որ չորս ամիսէ ի վեր Մեթնի քաղաքապետական համադաշնակցութենէն խնդրած են օժանդակել իրենց` թափօններու թաղման նոր վայրեր հաստատելու կարելիութեան մասին, սակայն ոչ մէկ ընդառաջում եղած է այդ խնդրանքին:
Թերզեան. «Ժամանակը Հասած Է, Որ Լիբանանի Կառավարութիւնը Աղբահանումի Հարցին Լուծման Այլընտրանքը Ունենայ»
Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Յակոբ Թերզեան թուիթըրեան գրառումի մը ընդմէջէն վերահաստատեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի կեցուածքը, որ կը վերաբերէր Պուրճ Համուտի թափօններու թաղման վայրին:
«Կու գանք հաստատելու, որ աղբահանումի շրջագիծին մէջ Պուրճ Համուտի բնակչութիւնը տասնամեակներ շարունակ իր ազգային պարտականութիւնը կատարած է: Ժամանակը հասած է, որ Լիբանանի կառավարութիւնը աղբահանումի հարցին լուծման այլընտրանքը ունենայ: Կը մաղթենք, որ այդ լուծումը ըլլայ մնայուն եւ վերջնական, առանց Պուրճ Համուտի թափօններու թաղման վայրը ընդարձակելու կամ բարձրացնելու մասին մտածելու, որովհետեւ այդ վայրին մէջ յաւելեալ թափօններ կարելի չէ զետեղել», հաստատեց երեսփոխան Թերզեան:
ՆՇԵՆՔ, որ Փաղանգաւոր կուսակցութեան Մեթնի երեսփոխան Էլիաս Հանքաշ, ինչպէս նաեւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան Մեթնի երեսփոխան Էտի Ապի Լամաա, իրենց կարգին կտրականապէս մերժեցին Պուրճ Համուտի թափօններու թաղման վայրին ընդարձակումը կամ բարձրացումը: