Ուրբաթ, 9 օգոստոս 2019-ին նախագահական պալատին մէջ, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հովանաւորութեամբ` իր եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի միջեւ գոյացած հաշտութենէն օր մը ետք, Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը:
Արսլան նշեց, որ նախագահական պալատին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումը շատ արագ որոշուած էր` աւելցնելով, որ հանդիպումին մթնոլորտը հանգստացնող էր եւ դրական: «Ատիկա առաջին քայլը կը նկատուի, որ պէտք է շարունակուի այլ նախաձեռնութիւններով», հաստատեց ան:
Արսլան ընդգծեց, որ նախագահ Աուն ամէն ջանք ի գործ դրած է` երաշխաւորելու համար զոհերուն եւ Լեռնալիբանանի բնակիչներուն իրաւունքը, ինչպէս նաեւ պաշտպանելու համար պետութեան հեղինակութիւնն ու արդարութիւնը: «Այս իմաստով շնորհակալութիւն կը յայտնեմ հանրապետութեան նախագահին», ըսաւ Արսլան:
Ան յայտնեց, որ տակաւին կան որոշ հարցեր, որոնք արմատական լուծման կը կարօտին, որպէսզի կարելի ըլլայ տիւրզիներուն յայտնել, թէ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան հետ հաշտութիւնը գոյացած է:
Անդրադառնալով Լիբանանի մէջ ամերիկեան դեսպանատան հրապարակած հաղորդագրութեան` Արսլան յայտնեց, որ այդ հաղորդագրութիւնը զիրենք բնաւ չի հետաքրքրեր:
Հանդիպում Ուահապի Հետ
Նոյն օրը Արսլան ընդունեց Թաուհիտ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապը, որուն հետ քննարկեց ներկայ իրադարձութիւնները:
Խալտէէն կատարած իր յայտարարութեան մէջ Ուահապ յայտնեց, որ Պաապտայի հանդիպումէն ետք կան քաղաքական շարք մը հարցեր, որոնք պէտք է լուծուին:
Ան ընդգծեց, որ Լեռնալիբանանը բոլորին կը պատկանի, եւ բոլորը կրնան հոն իրենց քաղաքական գործունէութիւնը իրականացնել:
Ուահապ նշեց, որ Քապըր Շմունի միջադէպին առումով իրենք կատարեալ վստահութիւն ունին Զինուորական ատեանին նկատմամբ` աւելցնելով, որ բոլոր կողմերը պէտք է յանցագործները ապահովութեան ուժերուն յանձնեն, որպէսզի դատական հոլովոյթը շարունակուի: