Երէկ առաւօտ «Շաղզոյեան» կեդրոն այցելեց եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի հետ հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վահագն Աթաբէկեան:
Դեսպան Աթաբէկեան խօսեցաւ Հայաստանի Հանրապետութիւն-Լիբանան միջպետական կապերու ուղղութեամբ իրականացուող վերջին աշխատանքներուն մասին, որմէ ետք խորհրդակցութիւնները ընթացան Լիբանանի հայութեան առնչուած ընդհանուր հարցերուն վերաբերեալ:
Յակոբ Բագրատունի վերահաստատեց կուսակցութեան ամբողջական զօրակցութիւնը Պէյրութ-Երեւան կապերու զարգացման ուղղութեամբ մշակուած ծրագիրներու իրագործման գծով: