Երեքշաբթի, 6 օգոստոս 2019-ին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան Արագածի ակումբին մէջ հանդիպում մը ունեցած էր շրջանի բնակիչներուն հետ, որուն ընթացքին խօսուած էր Արագածի շրջանի բարեզարդման ու մաքրութեան գծով առնուելիք քայլերուն մասին:
Հանդիպումը, որ կազմակերպուած էր ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէին կողմէ, արդէն տուած է իր գործնական արդիւնքը:
Արդարեւ, կիրակի, 11 օգոստոս 2019-ին, շրջանին բնակիչներն ու քաղաքապետարանի աշխատակազմը կատարած են Արագածի փողոցներու եւ տանիքներու մաքրութիւն: